Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւն. «Լրագրողներու Ձերբակալութիւնը Կրնայ Ազդել Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ Անդամակցութեան Հոլովոյթին Վրայ»

December 16, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1215_Turkey-EUԵւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհանես Հանի միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու ձերբակալութիւնները «կը հակասեն եւրոպական արժէքներուն ու չափորոշիչներուն, որոնց կը փափաքի մաս դառնալ Թուրքիան»:

«Մենք կը յիշեցնենք, որ որեւէ երկիր իբրեւ թեկնածու ճանչնալու որեւէ հետագայ քայլ պայմանաւորուած է օրէնքի եւ հիմնարար իրաւունքներու լիակատար պահպանումով», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ խօսքի ազատութիւնն ու դատարաններու անկախութիւնը առողջ ժողովրդավարութեան հիմնական տարրերն են եւ ատիկա կ՛ապահովուի Թուրքիոյ սահմանադրութեամբ:

Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները յոյս յայտնած են, որ արդար քննութիւն տեղի կ՛ունենայ:

Ձերբակալութիւններուն անդրադարձած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի:

«Իբրեւ Թուրքիոյ բարեկամ եւ դաշնակից, մենք իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք երաշխաւորելու, որ իրենց գործողութիւնները չեն խախտեր ժողովրդավարութեան հիմքերը», աւելցուցած է Փսաքի:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու, մեկնաբանելով երկրին մէջ լրագրողներու եւ ոստիկանութեան սպաներու վերջին ձերբակալութիւնները, յայտարարած է, որ որոշ քայլեր ձեռնարկուած են` «պետութեան մէջ պետութիւն ստեղծելու քայլերուն» դէմ:

«Այն անձերու գործողութիւնները, որոնք թափանցած են կառավարութիւն ու գաղտնալսած են նախագահին եւ վարչապետին անձնական զրոյցները, անպատասխան պիտի չմնան: Մեր պարտքն է պաշտպանել այն, ինչ որ մեզի տրուած է ժողովուրդին կամքով», ըսած է Տաւութօղլու:

«Տողան» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալան` մեկնաբանելով ձերբակալութիւններու հարցը, նշած է, որ այդ ձեւով երկրին մէջ պետական յեղաշրջման փորձ մը կանխարգիլուած է:

Ըստ անոր, կասկածեալները յեղաշրջումի ծրագիրը մշակած են 2002-էն ի վեր, իսկ ծրագիրը գաղտնազերծուած է միայն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ճիշդ կողմնորոշման իբրեւ արդիւնք:

 

Նախորդը

Լաւրով Քերրիի Յայտնած Է, Որ Ռուսիան Ճնշելու Փորձերը Անհեռանկար Են

Յաջորդը

Աւստրալիոյ Եւ Պելճիքայի Մէջ Զինեալներ Պատանդներ Վերցուցին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.