«Gazeta.ru» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ նոր պատժամիջոցներու սահմանման պարագային Ռուսիան այդ քայլը անպատասխան պիտի չձգէ:
«Խօսք չ՛ուզեր, մենք ատիկա անպատասխան չենք ձգեր», ըսած է փոխնախարարը` պատասխանելով «Ինթըրֆաքս» գործակալութեան հարցումին:
Ինչպէս նախապէս հաղորդուած էր, Սպիտակ տունը կրնայ նոր պատժամիջոցներ սահմանել Ռուսիոյ դէմ` Ուքրանիոյ հարցին գծով վերջինիս որդեգրած դիրքորոշումին պատճառով:


