Գերմանիոյ դրօշակին ներքեւ պայքարող, 2-րդ միջին կարգի «WBO» աշխարհի ախոյեան, հայազգի բռնցքամարտիկ` Արթուր Աբրահամ իր յառաջիկայ մրցումը կը կատարէ անգլիացի բռնցքամարտիկ Փոլ Սմիթի դէմ:
Յայտնենք, որ այս երկուքը 27 սեպտեմբերին իրարու դէմ ճակատեցան, եւ յաղթական դուրս եկաւ Արթուր Աբրահամ` կէտերու պարզ առաւելութեամբ:
Այս մենամարտը յատկանշական է երկու մարզիկներուն, եւ մանաւանդ Սմիթի համար, որովհետեւ ասիկա առիթ մըն է իր նախկին պարտութեան վրէժը լուծելու:
Նշենք, որ այս մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 21 փետրուարին, Պերլինի «O2 Ուորլտ» ռինկին վրայ: Այս մասին հաղորդեց Հայ բռնցքամարտիկի մամլոյ քարտուղարութիւնը:


