
Այս օրերուն Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելութիւններ կու տայ Ս. Փեթերսպուրկ եւ Մոսկուա: Այցելութեան շրջագիծին մէջ Երեւանի քաղաքապետը հանդիպում ունեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի նահանգապետ Կէորկի Փոլթաւչենքոյի հետ:
Այս տարի կը լրանայ Երեւանի եւ Ս. Փեթերսպուրկի փոխադարձ գործակցութեան եռամեայ համագործակցութեան համաձայնագիրի ժամկէտը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հնգամեայ ժամկէտով յաջորդ համաձայնագիրի կնքման վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման աւարտին Մարգարեան Փոլթաւչենքոն հրաւիրեց Երեւան` յառաջիկայ տարի մասնակցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն:


