Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 9, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ ապահովական ուժերէն պահանջեց երկրին կացութիւնը հակակշիռի տակ պահել` արգիլելու համար ներքին լիբանանեան սադրանքներու հրահրումը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ դէմ գործուելիք յարձակումը կ՛ընդգծէ անոր եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ կոչ ուղղեց կառավարութեան վերջնականացնելու իր կեցուածքը եւ փոխանակումի սկզբունքին անսալու` ազատագրելու համար բանակայինները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ շէյխ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ իրենց միջեւ երկխօսութիւն պէտք է գոյանայ, որպէսզի կարենան դէմ դնել ահաբեկչութեան եւ պաշտպանել Լիբանանը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ արձանագրուած երկխօսութիւնը յառաջիկայ տարուան առաջին ամսուան պիտի զուգադիպի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա պիտի ընդունի Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որ շաբաթ, 13 դեկտեմբեր 2014-ին պիտի այցելէ Մերժահիուն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է Ժեզզինի մէջ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւն կատարելու:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի ցաւակցութիւն յայտնեց առեւանգուած բանակային Ալի Պազզալի դէմ գործուած մահապատիժին առիթով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով բարձրաստիճան պատասխանատուներէն, հաստատեց, որ կառավարութիւնը սնանկացած է եւ ան ոչ մէկ զօրութիւն ունի, իսկ առեւանգուած բանակայինները իրենց ճակատագիրին ձգուած են:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը պիտի սկսի շաբաթավերջին, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ այդ երկխօսութիւնը շարունակելու յատուկ օրակարգի մը շուրջ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս հաստատեց, որ սուրիացիները բնակեցնելու ծախսը շատ աւելի սուղ է, քան զանոնք աւելի ապահով վայրեր փոխադրելը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր հաստատեց, որ այս հանգրուանին եւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն ներքեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահութեան լաւագոյն թեկնածուն է:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդգծեց, որ իրենք ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակ պիտի արձանագրեն, այնպէս ինչպէս յաղթած են Իսրայէլի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին մէջ կը տիրէ հանդարտ ու խաղաղ մթնոլորտ` աւելցնելով, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը վտանգաւոր է:

 

Նախորդը

Մոալլեմ Եւ Զարիֆ Կը Դատապարտեն Իսրայէլեան Օդային Հարուածները

Յաջորդը

Ուահապ Խստիւ Դատապարտեց Սուրիան Թիրախ Դարձուցած Իսրայէլեան Ռմբակոծումները

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.