Սուրիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Ուալիտ Մոալլեմ եւ Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ Թեհրանի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին դատապարտեցին Դամասկոսի մօտ Իսրայէլի կատարած օդային հարուածները` զանոնք նկատելով արարք մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Իսրայէլ սուրիական կառավարութեան դէմ կռուող ծայրայեղական խմբաւորումներուն հետ «նոյն խրամատին մէջ է»:
Մոալլեմ յայտնեց, որ Իսրայէլ կը փորձէ փոխհատուցել Սուրիոյ մէջ իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներուն ունեցած կորուստները: Ան ըսաւ, որ Սուրիա Ռուսիոյ եւ Իրանի կողքին աշխատանք կը տանի սուրիական ճգնաժամին գտնելու լուծում մը, որ հիմնուած է «սուրիացիներուն միջեւ երկխօսութեան վրայ, որ առանց արտաքին միջամտութեան է»:
Զարիֆ իր կարգին նշեց. «Մենք կ՛աջակցինք ներսուրիական երկխօսութեան, որ հեռու է արտաքին ուժերու վտանգաւոր դերակատարութենէն»: Ան ըսաւ, որ Իրան կը դատապարտէ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան յարձակումը:
Յարձակումը դատապարտեց նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` նշելով, որ «Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան յարձակումը անընդունելի է եւ սկզբունքային դատապարտումի արժանի»:
Իսրայէլի տեղեկահաւաքի նախարար Եուվալ Շթայնից երէկ Իսրայէլի ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ո՛չ հաստատեց, ո՛չ ալ հերքեց Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան յարձակումին լուրը, սակայն նշեց. «Մենք շատ ազդու պաշտպանութեան քաղաքականութիւն մը ունինք, որ ուղղուած է երկրին պահպանման, եւ հոն, ուր կարելի է, կանխարգիլելու զէնքերու արդիականացումը, որ ահաբեկչական կազմակերպութեանց կու տայ խաղի կանոնները փոխելու կարողութիւնը կամ յարձակումի արտասովոր արդիական միջոցներ»:


