Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐՆ ՈՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ

July 26, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթ հայկական եւ յատկապէս հայաստանեան լրատուադաշտը ողողուեցաւ Սանահինի վանքին վերանորոգումը ահազանգող անհրաժեշտութեան առիթով ծաւալած քննարկումներով, մեկնաբանական յօդուածներով, սուր քննադատութիւններով: Հարցը արագօրէն տեղափոխուեցաւ ոչ պաշտօնական ելեկտրոնային դաշտ, եւ գրութիւններ, վերագրումներ, ստուգուած ու չստուգուած «տեղեկութիւն»ներ յագեցուցին այս անգամ պլոկներն ու ընկերային ցանցերը:

Այսօրուան բաց համակարգին, համացանցային հաղորդակցութեան, տեսակէտներ փոխանակելու, բանավէճեր կազմակերպելու ներկայ դրութիւնը բոլորին կարելիութիւն տուած է կարծիք յայտնելու, հաստատում կատարելու, իր տեսակէտներով հասանելի դառնալու զանգուածներուն:

Անհակակշռելի, անվերահսկելի ոլորտ է այս մէկը, ուր հասանելիութեան բազմապատկումը տեղի կ՛ունենայ կայծակնային արագութեամբ եւ ուր խիստ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ հանրային կարծիքին վրայ ազդելու պաշտօնական եւ անպաշտօն հաղորդագրութիւններու եւ գրութիւններու տարողութիւններուն տարբերութիւնը:

Այսպէս է նաեւ, որ ցարդ զանգուածային լրատուամիջոցներու գծած սահմանները կը հատուին արագօրէն եւ այլընտրանքային լրատուամիջոցը կը գործէ արդիւնաւէտ եւ արագ: Այնքան մը, որ մամլոյ նշանաւոր ներկայացուցիչներ յատկապէս երիտասարդ ընթերցողին հասանելի դառնալու համար անհրաժեշտութիւնը կը զգան իրենց պաշտօնական կայքէջերուն առընթեր տեղ գրաւելու ընկերային ցանցերու վրայ: Օրուան օրինաչափ կշռոյթն ու եղանակը ասոնք են, որոնց հետ պէտք է քայլ պահել անկասկած:

Խնդիրը կը բարդանայ, երբ ելեկտրոնային այս տարածքներուն վրայ կը հատուին այն սահմանները, զորս մինչ այժմ տպագիր թէ ելեկտրոնային կամ այլ լրատուամիջոցներ  լռելեայն գծած էին իրենց հաղորդումներուն բովանդակութիւնները սահմանափակելու առումով: Ոչ անպայման «թապու» նիւթեր չարծարծելու մասին է խօսքը: Այլ` մեր ազգային ու հոգեւոր արժեհամակարգի բաղադրիչ-խորհրդանիշերուն մասին պատշաճութիւնները յարգելու:

Այդ արժեհամակարգին բաղադրամասերէն` հայոց բանակի պատահարները, «Եութիուպ»ի ճամբով ցուցադրուեցան համայն աշխարհին, նաե՛ւ մեր թշնամիներուն, եւ ոգի ի բռին շատեր շաբաթներով խոշորացոյցերը կեդրոնացուցած պահեցին հայոց սպայակազմին եւ հայ զինուորին բարոյալքումը շեփորելու համար: Սխալ չհասկցուինք: Պատահարները արդարացում չունէին: Յանցաւորները անպայման պատասխանատուութեան պիտի կանչուէին: Այսուհանդերձ համացանցի ճամբով տեսանիւթը տարածելը, պլոկներու ճամբով պաշտօնատարներու հրաժարական պահանջելը եւ բանակի մարտունակութիւնը կասկածի տակ առնելը նուազագոյն ըսելաձեւով առողջ ներշնչումներ չունին:

Համացանցի շուկայի սպառման այլ «ապրանք էր» հայրենի կրթակարգը, որուն վարկն ու հեղինակութիւնը կը հարուածուէին հիմք ունենալով ուսուցիչ-աշակերտ բռնութեան դէպք մը, որ կը ցուցադրուէր, կը տարածուէր, կը մեկնաբանուէր, կ՛ընդհանրացուէր: Հայ դպրոցը եւս բնականօրէն մեր ազգային ընդհանուր արժեհամակարգին մէկ կարեւոր բաժինն էր: Հարուածները  ուրեմն բանակին եւ դպրոցին ճամբով մեր արժեհամակարգին ուղղուած էին:

Այժմ` եկեղեցին: Անպայման, որ ոչ միայն Սանահինը, այլ նաեւ այլ վանքեր, հոգեւոր մշակոյթի գլուխ գործոցներ պէտք է արժանանան եկեղեցւոյ եւ պետութեան յատուկ հոգատարութեան: Այստեղ երկրորդ տեսակէտ չկայ: Խնդիրը այս հարցերը արծարծելու եղանակն է, սրտցաւութեան առընթեր չարախնդութիւն մտցնելն է, պատշաճութիւնները անցնելու երեւոյթն է, հայ հոգեւորականութեան հասցէին անպատկառ արտայայտուիլն է, հարցը շահարկելով կաթողիկոսի հրաժարական պահանջելն է:

Եւ եթէ բանակի հեղինակութիւնը հարուածած պահուն պլոկի կամ ընկերային ցանցի մասնակիցը պարտաւոր է մտածելու հակառակորդի խաղին ներքաշուած ըլլալուն մասին, ապա հայ եկեղեցին ա՛յս ոճով քննադատողը պիտի մտածէ, թէ մեր հոգեւոր ու բարոյական անվտանգութեան սպառնացող բազմաթիւ աղանդները ինչպէ՞ս կ՛օգտուին նման իրավիճակներէ:

Քննադատելի եւ սրբագրելի շատ խնդիրներ ունինք ազգովին: Այս իրականութիւնը պէտք չէ անտեսել: Կառուցողականութիւնը սակայն պարտադիր մօտեցում է եւ ցուցանիշ` մեր հաւաքական գիտակցութեան: Մանաւանդ համընդհանուր արժեհամակարգի խնդիրներու հրապարակային քննարկումներուն ընթացքին:

Նախորդը

ՊՐԱՅԶԱ. «ՊԱՔՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՕՐ ՄԸ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ»

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.