
Զուիցերիոյ Պազըլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ծիրին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները տեսակցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ` քննարկելով ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւնները վերականգնելու, յառաջ մղելու կարելիութիւնները եւ յառաջիկայ քայլերը:
Ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, նախանցեալ օր նախքան Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումը, ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ըսած է, որ անցեալ տարուան ընթացքին բանակցութիւններուն մէջ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները երեք անգամ հանդիպում ունեցած են, ջանքեր գործադրուած են երկխօսութիւնը պահպանելու համար, բայց միաժամանակ նաեւ ետքայլ կատարուած է: Մենք բոլորս գիտենք յուլիսի վերջաւորութեան օգոստոսի սկիզբի իրադարձութիւններուն մասին: Զինադադարի խախտումներ եւ զոհեր եղան, վերջերս զինուորական ուղղաթիռ մը կործանեցաւ», նշած է Ուորլիք ` ընդգծելով, որ ատիկա ողբերգութիւն է երկու կողմերուն համար: «Կը ձգտինք վերականգնել նախկին ձեռքբերումներն ու հոլովոյթին վերջաւորութեան հասնիլ երկարատեւ խաղաղութեան», ըսած է Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը:
Ազրպէյճանական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան նշած է, որ «ներկայիս շատ կարեւոր է կողմերը բերել երկխօսութեան եւ զարգացնել զայն»: Ուորլիք նաեւ յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներու նախագահներուն հանդիպումները շարունակուին:
Ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, համանախագահներուն հետ առանձին հանդիպման ընթացքին երկրի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով անգամ մը եւս ներկայացուցած է պաշտօնական Պաքուի դիրքորոշումը` նշելով, որ Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման համար նախ եւ առաջ հայկական զինեալ ուժերը պէտք է դուրս բերուին «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներէն»:
Իսկ ԵԱՀԿ-ի նիստին ընթացքին Մամետեարով ըսած է, որ «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ Հայաստանի զինեալ ուժերու ներկայութիւնը հիմնական գործօնն է, որ կրնայ յանգեցնել իրավիճակի շիկացման»:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները չորեքշաբթի տեսակցած էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Նալբանդեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած էր Ազրպէյճանի կողմէ հայկական զինուորական ուղղաթիռը կործանելու պատճառով սահմանագիծին ստեղծուած իրավիճակին վրայ:


