Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Իրաւունքները` Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Սեմին. «Հայ Ժողովուրդին Կրած Արհաւիրքը 100 Տարի Ետք Կը Կրկնուի Նոյն Ուժգնութեամբ Եւ Թափով» Ընդգծեց Երեսփոխան Բագրատունի

December 6, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1205_joghovourt-612Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի  եւ գործակցութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 5 դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ ժողովրդական հանդիսութիւն «Հայոց իրաւունքները` ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին» խորագիրով, Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Զատիկ Ունանեան` նշելով, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին անհրաժեշտ է անդրադառնալ Հայ դատի պայքարի յառաջացման գործնական քայլերուն եւ երիտասարդութեան ներդրումին: Ան նկատեց նաեւ, որ հայոց դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ մեր դատը շարունակելու համար աւելի քան երբեք պէտք է կառչած մնանք Հայաստանին ու հայութեան, մեր մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն: Բացման խօսքի աւարտէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` «Հայոց իրաւունքները ցեղասպանութեան 100- ամեակի սեմին» նիւթով:

1205_badani-612Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին Սէրլի Թոփալաքեան եւ Մակալի Թովմասեան, որոնք ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Մայրենի լեզու» քերթուածը, որմէ ետք ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան անդամները կատարեցին երկու խմբերգ:

Զատիկ Ունանեան
Զատիկ Ունանեան
Յակոբ Բագրատունի
Յակոբ Բագրատունի

Հանդիսութեան պատգամը փոխանցեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան նկատել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս համաշխարհային Ա. պատերազմին հայ ժողովուրդի կրած արհաւիրքները խտացնող պատկերները այսօր` 100 տարի ետք կը կրկնուին նոյն ուժգնութեամբ, նոյն թափով եւ աւելի արդիական միջոցներով:

Ան յայտնեց, որ 100-ամեակը պահանջատիրութեան վերընձիւղման պայքարը բորբոքեցնելու անկիւնադարձային հանգրուան մը պէտք է ըլլայ: Այսօրուան Թուրքիան իր հարստութիւններով ու տարածքներով հիմնուած է անցեալին հայու կատարած արդար աշխատանքին արգասիքին վրայ, դիտել տուաւ ան, ապա շեշտեց նշելով, որ մեր կորուստը կարելի չէ դարմանել: Տեղահանութեան պատճառով մենք պիտակաւոր դարձանք աշխարհի երեսին եւ ցիր ու ցան եղանք: Միաժամանակ, պայքարելու վճռակամութեամբ դատապարտուած երիտասարդներ կը շարունակեն վառ պահել հայութեան արդար դատին ջահը:

100-ամեակի սեմին հաւաքաբար գործելու մարտահրաւէր ունին հայ ժողովուրդի զաւակները: Աշխարհի տարածքին իւրաքանչիւր հայ միաւոր կը պատկանի մէկ ամբողջութեան, կը ծառայէ  դատին եւ ունի մէկ տեսլական` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը: Առանց հողերու ազատագրման, առանց ամբողջական ու հզօր Հայաստանի, Առանց Արցախի մեր դատը չ՛իրականանար: Մեր արմատներուն վերադառնալը հրամայական է ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ Հայաստանի հայութեան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ հայկական արժէքներու կատարեալ յարգանքը սակարկելի չէ, ինչ որ հայուն է հայուն պիտի դառնայ, եւ հայը անպայման պիտի ստանայ հատուցում: Մեր պայքարի ճամբուն ընթացքին հայ երիտասարդին առջեւ կը դրուին ճակատագրական ու դիմադրողական մարտահրաւէրներ: Բոլոր աշխատանքները գնահատելի են, մարտունակութիւնը անհրաժեշտ է մեր իրաւունքները պաշտպանելու համար»,  եզրափակեց Բագրատունի:

Հանդիսութեան աւարտին ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի նուագախումբը ներկայացուց փունջ մը ազգային-յեղափոխական երգեր: Փակումը կատարուեցաւ նուագախումբի կատարողութեամբ «Արիւնոտ դրօշ» երգով:

 

 

Նախորդը

Երիտասարդներուն Հետ Զրոյց` Հոգեւոր Արթնութեան Մասին

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Տնտեսութիւնը Իր Դիրքը Զիջած Է Չինաստանի Տնտեսութեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.