Տ. Թ.
Միջազգային մարդասիրական ընկերակցութիւն մը յայտարարած էր, որ կարիքը ունի կամաւոր գործիչներու եւ ճշդած էր առաջին հանդիպման վայրն ու թուականը:
Անձկութեամբ կը սպասէին այդ օրուան` քանի՞ հոգի պիտի ընդառաջէր հրաւէրին:
Մեծ եղաւ կազմակերպիչներուն զարմանքը, երբ մեծաթիւ անձեր, այրեր եւ կիներ, պատասխանելով հրաւէրին, ներկայ եղան հաւաքին:
Հաւաքին պատասխանատուն բարի գալուստի խօսքէն ետք սկսաւ առանձին առանձին հարցնել, թէ ինչո՞ւ պատասխանած էին հրաւէրին: Հետաքրքրական էր պատասխաններուն մօտաւոր ամփոփումը: Խմբակ մը պատասխանեց, թէ գործ կը փնտռէ, մինչեւ գտնելը` ազատ ժամեր ունի, յուսալով, որ նոր փորձառութիւններ ձեռք ձգելով` կրնայ աւելի դիւրութեամբ գործ գտնել, կը փափաքի կամաւոր գործակցիլ կազմակերպութեան:
Երկրորդ խմբակ մը յայտարարեց, թէ կազմակերպութեան նպատակը կը յարմարի իր հաւատացած արժէքներուն, այդ պատճառով ալ փափաքած է անսալ հրաւէրին:
Երրորդ խմբակ մըն ալ յայտարարեց, որ կը հաւատայ նշեալ կազմակերպութեան գործին ու առաքելութեան եւ կը փափաքի իր լրիւ ժամանակն ու ճիգը ի գործ դնել այդ կազմակերպութեան զարգացման եւ առաքելութեան յաջողութեան:
Բոլորը եկած էին հաւատալով կամաւոր գործի արժէքին, սակայն կը տարբերէր անոնց մասնակցութեան նպատակը: Երրորդ խումբին պատկանողները անմիջապէս ընդունուեցան գործի, մնացեալները մնացին սպասման ցանկերու վրայ:
Մեր օրերուն, երբ ընկերային-տնտեսական ծանր պայմանները կ՛ընկճեն քաղաքացիական հասարակութիւնը, երբ պետութիւններ կը փորձեն լաւագոյն պայմանները, ստեղծել իրենց բնակչութեան համար (կան այդպիսի պետութիւններ…), պայմաններ, որոնք անդին են միայն նիւթական բարեկեցիկ տուեալներէն, կը սկսի կամաւորներու փնտռտուքը` ձեւով մը այդ պակասը գոհացնելու կամ ամբողջացնելու համար:
Որո՞նք են այն պակսող տարրերը, որոնք նոյնքան կամ երբեմն նոյնիսկ աւելի քան նիւթականը, կրնան բարելաւել ընկերութեան ընդհանուր կացութիւնը: Մարդիկ այսօր կը տառապին ընկճուածութենէ, ընկերութեան մէջ իրենց տեղը կորսնցուցած ըլլալու իրողութենէն, մոռցուած ըլլալու կամ շրջապատէն չսիրուելու անխիղճ իրականութենէն, գործելու անկարողութենէն եւ առանձնութենէն: Ահաւասիկ այն մարզը, ուր կամաւոր գործիչը կրնայ իր թանկագին ներդրումը ունենալ` բարելաւելու համար այս կացութիւնը:
Կամաւոր գործիչին նպատակը աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը դարձնելն է, ուր մարդիկ կարենան հաւասարապէս, համաձայն իրենց կարելիութիւններուն, ապրին գոհ ու երջանիկ: Այս պարագային կարեւոր է, որ ան իր կամաւոր գործունէութիւնը տանի արհեստավարժ մակարդակով եւ մանաւանդ` իր գործին մօտենայ համեստօրէն եւ մարդկայնօրէն, առաքինութիւններ, որոնք միաձուլուելով արհեստավարժ մօտեցումին` անպայման կամաւորը կը հասցնեն իր նպատակին:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, այն կազմակերպութիւններէն է, որ ունի թէ՛ կարիքի դաշտը, թէ՛ այդ կարիքները հոգացողներու բանակը: Բանակ մը, որ կը նմանի վերը յիշուած երրորդ խումբին, բանակ մը` ընկերուհիներու, որոնք հաւատալով այս կազմակերպութեան առաքելութեան, իրենց հաւատքին միացնելով գործը, իրենց լումայէն մինչեւ իրենց թանկագին ժամանակը կը տրամադրեն մէկ կողմէ սատարելով այս կազմակերպութեան զարգացման, միւս կողմէ` անոր առաքելութեան յաջողութեան: Յիշենք միայն, որ ԼՕԽ-ական կամաւորին համար ալ կարեւոր է, որ ան տանի իր գործը արհեստավարժ մակարդակով, համեստօրէն եւ մարդկայնօրէն, բան մը, որ մեծ մասամբ արդէն կ՛իրագործուի ԼՕԽ-ի մէջ:
Արդար ըլլալու համար պէտք է յիշել Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի խօսքը` թէ տալուն մէջ աւելի հաճոյք կայ, քան ստանալուն մէջ: Ընդունինք, որ կամաւոր գործին մէջ կան երկուքը` տալու եւ ստանալու հաճոյքները եւ ԼՕԽ-ի կամաւորներու բանակին մէջ տալով հաճոյանալու գործօնը շատ զօրաւոր է, իսկ ստանալու գործօնը միայն հոգեկան է:
Վարձքը կատար բոլոր կամաւոր գործիչներուն:


