Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Բաժանմունքը

December 6, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

15273499013_436ccf257c_oՑեղասպանութեան հարիւրամեակն է: Կը յիշենք ու կը պահանջենք:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակը յուշատօն չէ, այլ գիտակցուած, ներընձիւղուող ազգային պահանջատիրութեան համար ամէն օր եւ ամէն ժամ բարձրացող դրօշ է, մեր սրտերուն եւ առօրեային մէջ:

Ցեղասպանութեան սերունդի հայ մայրերն ու մեծ  մայրերը, ինչպէս որ անապատի  աւազներուն վրայ սորվեցուցին մեր ոսկեղնիկը` մեր այբուբենը, նոյնպէս ալ հետագային, իրենց ժառանգած նրբահիւս ասեղնակարերը, հայկական աւանդոյթները եւ հայրենասիրութիւնը փոխանցեցին սերունդէ սերունդ` մեզի պատգամելով, որ մենք ալ մեր կարգին, մեր մշակոյթի հարուստ գանձարանի բոլոր տարրերը` երաժշտութիւն, երգ, պար, գեղանկարչութիւն, թատրոն եւ այլն, փոխանցենք գալիք սերունդներուն, դարերու ընթացքին մեր գոյութիւնը պահելու որպէս գրաւական:

Ձեռագործը, որ իրենցմէ մեզի հասած ամէնէն արժէքաւոր աւանդներէն է, կու գայ նաեւ մեզի յուշելու, զարթնեցնելու, որ մենք կը կորսուինք, եթէ իրենց փոխանցած աւանդները չպահենք, որպէսզի մե՜ր իսկ ձեռագործած  «կը յիշենք, կը պահանջենք»-ները իրա՜ւ ըլլան, ճշմարիտ ըլլան  եւ ոչ թէ թափուր ու անիմաստ լոզունգ:

Քիչ անգամ խօսուած է հայկական ասեղնագործութեան մասին` որպէս իր կարեւոր տեղը գրաւած արուեստ:

Հայ ժողովուրդի մշակութային գանձարանին մէջ իր կարեւոր տեղը ունի կիրառական արուեստի մէկ ճիւղը կազմող գեղարուեստական հոյակապ հայկական  ստեղծագործութիւնը` ձեռագործը, որ իր ամբողջ հարստութեամբ, ոճով  ու բովանդակութեամբ, հարազատութիւն  ու նմանութիւններ ունի հայ ճարտարապետական կառոյցներու, խաչքարերու, զարդաքանդակներու  եւ մանրանկարչութեան հետ:

Հայկական բոլոր  գաւառներու մէջ, իւրաքանչիւր քաղաք  ունի իր ինքնատպութիւնն ու առանձնայատկութիւնը, իւրայատուկ ոճով, զարդանկարային բովանդակութեամբ եւ գոյներով: Օրինակ` Այնթապը, Ուրֆան, Մարաշը, Վանը, Քիլիսը, Տիգրանակերտը եւ այլն, բնաւ իրարու չեն նմանիր ո՛չ ասեղներով, ո՛չ զարդանախշերով եւ ո՛չ ալ գոյներով:

Ուրեմն, մեզի հասածն ու մեր մեծ մայրիկներէն կտակուածը երէկ չծնաւ: Թուրքին եաթաղանին զոհ գացած բոլոր այն քաղաքները, որոնցմէ մեզի հասած ձեռագործները մեզի յանձնուած աւանդներ են,  զորս պէտք է այսօր կեանքի կոչել, ապրեցնե՜լ  որպէս ազգային հարստութիւն:

ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբը տարեկան յաճախականութեամբ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէս կը կազմակերպէ: Թէեւ ընտրանի մը կայ, որ միշտ ներկայութիւն է, կ՛արժեւորէ եւ կը գնահատէ, սակայն մեծ զանգուածին մօտ հետաքրքրութիւնը կը պակսի:

Նոր սերունդը բնաւ նախկին սերունդներուն հետ կարելի չէ բաղդատել: Հիները «Երկիրէն» բերած եւ փոխանցած էին իրենց զաւակներուն, անոնք ալ` յաջորդ սերունդին: Բայց միշտ փոխանցուածին փոխանցուածը հետզհետէ աւելի տկար կ՛ըլլայ, ճիշդ տպագրութեան պէս, հետզհետէ մելանը կը պակսի: Թերեւս հայրենի հողին ջերմութի՞ւնը կը պակսի, ոգիի՞ պակասը, համաշխարհայնացո՞ւմը օտար բարքե՞րը ժամանակի հե՞ւքը: Ի՛նչ ալ ըլլան արդարացումները, պէտք է սթափիլ, այսինքն գոնէ

100-ամեակի սեմին  հաւաքաբար պէտք է արթննալ թմբիրէն:

Թելադրելի եւ փափաքելի է, որ բոլոր հայ մայրերն ու մեծ մայրերը իրենց աղջիկներուն եւ, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ տղոց հետ գան, այցելեն մեր ձեռագործի ցուցահանդէսները, ինչպէս որ պէտք է այցելեն որեւէ  գեղանկարչութեան  եւ այլ  ցուցահանդէս` որպէս ազգային դաստիարակութիւն, որպէսզի կարենան հպարտանալ իրենց ազգային պատկանելիութեամբ:  Նաեւ` ցուցահանդէսներ յաճախելը վարժեցնել, որպէսզի գեղեցիկի ճաշակը զարգանայ գալիք սերունդներուն մէջ, եւ որ մեզի փոխանցուած հայ մշակոյթի աւանդը կարենանք հարստացնել եւ ապրեցնել որպէս ազգային ժառանգութիւն:

ՁԵՌԱՐՈՒԵՍՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Նախորդը

Անցեալի Հետքերով

Յաջորդը

«Կամաւորներու Օր»-ուան Առիթով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.