Անգլիական Արսենալ ակումբի գերմանացի յառաջապահ Լուքաս Փոտոլսքի, որ վերջերս բաւական խաղաժամ չի ստանար լոնտոնեան ակումբին հետ, նշեց, որ ապագային շատ հաւանական է, որ վերադառնայ իր մանկութեան ակումբը` Քէօլն:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ատիկա ինծի համար երազ մըն է, եւ յոյսով եմ, որ կը դառնայ իրականութիւն: Միշտ կ՛ըսեմ, որ կը ցանկամ անգամ մը եւս լսել Քէօլնի քայլերգը երբ թիւ 10 մարզաշապիկը կրած դաշտ կը մտնեմ:»
Նշենք, որ Փոտոլսքիի այս խօսքերը մէջբերուեցան անգլիական skysports.com մարզական կայքին կողմէ:


