Նոյեմբեր ամսուան համար արդէն յստակացած են երկու լաւագոյն մարզիչներուն անունները:
Մեմֆիս Կրիզլիզի մարզիչ Տէյվիտ Ժորկըր (Արեւմտեան գօտի) եւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի մարզիչ Տուէյն Քէյսի (Արեւելեան գօտի) եղան երկու մարզիչները, որ արժանացան այս տիտղոսին:
Քէյսիի գլխաւորութեամբ Ռեփթըրզ 17 խաղերէն 13-ին յաղթած է` կարենալով 5 եւ 6 յաջորդական յաղթանակներ իրագործել:
Իսկ Ժորկըրի գլխաւորութեամբ Կրիզլիզ 17 խաղերէն 15-ին յաղթած է եւ այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը:


