
Վստահելի աղբիւրներու համաձայն, լիբանանեան բանակը օտար գաղտնի սպասարկութիւններու հետ գործակցաբար յաջողած է ՏԱՀԵՇ-ին հասցնել հարուած մը` Լիբանան-Սուրիա սահմանային անցքերէն մէկուն վրայ ձերբակալելով ՏԱՀԵՇ-ի իշխան Ապու Պաքր Պաղտատիի կիներէն մէկը, որուն կ՛ընկերակցէր նաեւ անոր զաւակներէն մէկը:
Ձերբակալուած կինն ու անոր զաւակը տեղւոյն վրայ փոխադրուեցան Եարզէ, ուր անոնք ենթարկուեցան հարցաքննութեան:
Աւելի ուշ լրատուական միջոցներ բացայայտեցին, որ ձերբակալուած կինը Պաղտատիի երկրորդ կինն է. ան սուրիացի է եւ կը կոչուի Սաժա Տալայմի:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Տալայմի հարցաքննութեան ընթացքին շեշտած է, որ ինք Սամըրայիի (որուն մասին կասկածներ կան, թէ ան Ապու Պաքր Պաղտատին է) կինն է եւ ձերբակալուած է Մատֆունի անցարգելին վրայ, երբ կեղծուած անձնաթուղթով մուտք գործած է Լիբանան:
Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն:
Կը նախատեսուի, որ Իպրահիմ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին Դամասկոս այցելէ:
Իր կարգին, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք իր ձերբակալած սուրիացի գնդապետ Ապտալլա Հիւսէյն Ռիֆային Հըզպալլային յանձնած է, որպէսզի վերջինս կարենայ իր մարտիկներէն Իմատ Այեատը ազատ արձակել:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ռիֆայի Քալամունի Սուրիական ազատ բանակի անջատուած զինուորական պատասխանատու մըն է, որ տակաւին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ կը մնայ եւ անոր ճակատագիրը ուղղակիօրէն կապուած է առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումին:


