Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք համախմբումը շեշտեց, որ առաջին անգամը չէ, որ Սահմանադրական խորհուրդը յուսախաբ կը դարձնէ լիբանանցիները` պատճառաբանելով երկրին մէջ անիշխանութիւն ստեղծելու հաւանականութիւնը:
Համախմբումը նկատել տուաւ, որ ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումը իշխանութեան կերտումի մուտքն է, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովրդավարական կարգով նոր խորհրդարան ունենալ եւ ապա նախագահական ընտրութիւն կատարել: Իսկ այս երկուքին չըլլալուն պարագային անհրաժեշտ է դիմել զօր. Աունի նախաձեռնութեան եւ հանրապետութեան նախագահը ուղղակի ժողովրդային քուէարկութեամբ ընտրել:
Համախմբումը գուժեց բանաստեղծ Սայիտ Աքլի մահը` շեշտելով, որ անոր մահով Լիբանան կորսնցուցած է գրականութեան եւ բանաստեղծութեան հսկաներէն մէկը:


