
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են Ազրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութեան դէմ վերջերս ձեռնարկուող սահմանափակումներուն առնչութեամբ:
«Մենք աւելի ու աւելի կը մտահոգուինք, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը չի հետեւիր մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ իր միջազգային յանձնառութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն: Մենք կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք յարգելու իր քաղաքացիներուն իրաւունքները եւ անոնց թոյլ տալու` արտայայտելու իրենց տեսակէտները», ըսած է ան:
Փսաքի նշած է, որ Ազրպէյճան աւելի բաց հասարակութիւն ունենալու պարագային պիտի կարենայ ապահովել իր ապագայ կայունութիւնն ու բարգաւաճումը: Ան ընդգծած է, որ իր երկիրը այս դիրքորոշումը յայտնած է նաեւ Ազրպէյճանի պաշտօնատարներուն:


