ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ուրբաթ, 28 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս պապը Թուրքիա իր այցելութեան առաջին օրուան ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն աւարտին կոչ ուղղեց հանդուրժողականութիւն եւ յարգանք ցուցաբերելու մարդկային կեանքի, արժանապատուութեան եւ կրօնական ազատութեան նկատմամբ` ընդգծելով. «Մոլեռանդութիւնն ու արմատականութիւնը, ինչպէս նաեւ` անխոհեմ մտավախութիւնները, որոնք կը նպաստեն թիւրըմբռնումին եւ խտրականութեան, պէտք է հակադրուին բոլոր հաւատացեալներուն աջակցութեամբ եւ միասնութեամբ»:
Էրտողան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ Վատիկանի եւ Հռոմի եպիսկոպոսապետին հետ գրեթէ բոլոր հարցերուն մէջ համակարծիք են: Սակայն անոր այդ խօսքը կեղծ հնչեց, մանաւանդ որ հազիւ մէկ օր առաջ պապին նշած «անխոհեմ մտավախութիւններուն» եւ մոլեռանդութեան տեղի տալով յայտարարած էր. «Օտարները իսլամները չեն սիրեր, այլ միայն անոնց դրամը»: Թուրքիոյ նախագահը չանդրադարձաւ կամ առնուազն անտեսել ձեւացաւ այն իրողութիւնը, որ խտրականութեան եւ մոլեռանդութեան մասին պապին խօսքերը կը վերաբերէին նաեւ իրեն ու իր երկրին:
Պահ մը երեւակայեցէք, որքան վատ անդրադարձ պիտի ունենար, եթէ Էրտողան խտրականութեան դէմ արտայայտուող եւ երկխօսութեան ու հանդուրժողականութեան կոչ ուղղող պապին կողքին ու միջազգային լրատուամիջոցներուն դիմաց կանգնած մէկ օր առաջ կատարած իր յայտարարութեան նման արտայայտութիւն մը ունենար:
Հակառակ ատկէ զգուշանալուն եւ այդ իրողութենէն ուշադրութիւն շեղելու համար թափած մեծ ջանքին, Էրտողան չի կրնար ծածկել սեւին ու ճերմակին տարբերութիւնը: Աւանդական ճերմակով զգեստաւորուած պապը Նիկերիոյ Քանօ քաղաքի կեդրոնական մզկիթին դէմ ահաբեկչութիւնը նկատեց «ծայրայեղ լուրջ յանցագործութիւն ընդդէմ Աստուծոյ», սակայն անոր կողքին սեւ հագուստով կանգնած Էրտողանը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնէական, շիիական եւ կրօնական այլ փոքրամասնութեանց սրբատեղիներու ականահարումներէն ոչ մէկը դատապարտած է: Ան նոյնիսկ այդ քայլին չի դիմեց, երբ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի-յուշակոթողի ականահարման համար ուղղակի ամբաստանութիւն ուղղուեցաւ իր երկրին` այդպիսով հաստատելով այդ ամբաստանութեանց ճշմարտացիութիւնը:


