Սուրիոյ տագնապին գծով քաղաքական վերջին զարգացումները դարձեալ կը կեդրոնանան Հալէպի վրայ, յատկապէս` քաղաքին մէջ եւ շուրջ սուրիական բանակին արձանագրած յառաջխաղացքին իբրեւ արդիւնք:
Տարածաշրջանի եւ Արեւմուտքի շարք մը քաղաքական գործիչներուն եւ դիւանագէտներուն Հալէպի գծով կատարած յայտարարութիւններուն հետեւողը զարմանքով պիտի նկատէ, թէ անոնք ոգի ի բռին կը պայքարին, որպէսզի Հալէպը ամբողջովին չազատագրուի ահաբեկչական խմբաւորումներէն եւ ենթակայ չըլլայ սուրիական բանակի ամբողջական հակակշռին, որովհետեւ օրինական բանակին յաղթանակը զգալի շեշտադրումով պիտի սահմանափակէ սուրիական հարցին մէջ արտաքին միջամտութիւններու ազդեցութիւնը:
Միացեալ Նահանգները յատկապէս լաւ գիտեն գետնի վրայ նման զարգացումի մը քաղաքական հետեւանքները, ահա թէ ինչո՛ւ անոնք նոր ուժ մը ստեղծելու հեւքին մէջ են, յատկապէս` Հալէպի մէջ կանխելու համար սուրիական բանակին յառաջխաղացքը:
Դիտորդներ կը գտնեն, որ Ուաշինկթըն տակաւին գրաւը կը դնէ այսպէս կոչուած «չափաւոր ընդդիմութեան» վրայ: Հալէպի դերին մասին կը գրէ ամերիկացի հրապարակագիր Ճիմի Տիթմըր, «Տէյլի Պեսթ»-ի մէջ ստորագրած իր յօդուածով, ու կը նշէ, թէ «Հալէպի մարտերը» ճակատագրական դեր պիտի ունենան, որովհետեւ այսպէս կոչուած «չափաւոր ընդդիմադիրները», որոնք կը գտնուին Հալէպի մէջ եւ շուրջ, Հալէպը կորսնցնելով` պիտի խարխափին եւ քանդուին:
Թրքական «Ռատիքալ» թերթին կարծիքով, այս մտավախութեամբ է, որ Էրտողան վերջերս գլխաւորելով երկրի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին նիստը, անոր մեծ մասը յատկացուցած է Հալէպի հարցին` ձգտելով իրականացնել իր մեծ երազը` իր գերիշխանութեան տակ առնելու Մուսուլն ու Հալէպը, նկատի առած նշեալ քաղաքներու տնտեսական եւ ընկերային կարեւորութիւնը: Թուրքիոյ վարչապետ Տաւութօղլուն եւս մտավախութիւն յայտնած է, որ Հալէպի ազատագրուելուն պարագային մեծ թիւով զինեալներ, դասալիքներ եւ գաղթականներ պիտի խուժեն Թուրքիա, ահա թէ ինչո՛ւ ան եւս կը շեշտէ Սուրիոյ հիւսիսային բաժնին մէջ ապահով անցքեր եւ թռիչքային փակ գօտի հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ` Մոսկուա կ՛աշխատի նախաձեռնել սուրիական տարբեր կողմերը բանակցութեանց հրաւիրող եւ Սուրիոյ հարցը քաղաքական լուծման առաջնորդող համաժողովի մը, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ սուրիական հարցը նոր փուլ կը թեւակոխէ, յատկապէս` ՏԱՀԵՇ-ի վտանգին ընդլայնումին գծով միջազգային մտավախութեան շեշտադրումով:
Տարածաշրջանային եւ միջազգային երկիրներու Հալէպի գծով այսքան մտահոգուիլը շարք մը հարցադրումներ կը յառաջացնէ:
Առաջին, թէ ինչո՞ւ Թուրքիան եւ արեւմտեան երկիրներու ղեկավարները այսքան կարեւորութիւն կու տան Հալէպին` ՏԱՀԵՇ-ին դէմ պայքարելու պատրուակով: Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ Հալէպի գաղտնիքը:
Երկրորդ, ինչո՞ւ նոյն ժամանակաշրջանին կը զուգադիպին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ ապահովական գօտի ստեղծելու Թուրքիոյ առաջարկն ու Տի Միսթուրայի Հալէպի մէջ մարտերը կասեցնելու յատուկ նախաձեռնութիւնը: Եւ վերջապէս, այս բոլորին ետին, Սուրիոյ տագնապին միջամուխ երկիրները ինչպիսի՞ ռազմավարական ծրագիրներ կը մշակեն սուրիական հարցի լուծման մէջ իրենց շահերը պահպանելու համար:
Քաղաքագէտներ կը յայտնեն, թէ բոլոր կողմերուն մտավախութիւնը մէկ է` թէ ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ յանկարծ Հալէպը ամբողջութեամբ ազատագրուի սուրիական բանակին կողմէ: Անոնց կարծիքով, մտավախութիւն կայ, որ սուրիական հարցը քաղաքական միջոցներով լուծելու ռուսական ջանքերուն լոյսին տակ, սուրիական պաշտօնական կողմը, գետնի վրայ արձանագրած իր յաղթանակներուն իբրեւ արդիւնք, ծանրակշիռ խաղաքարտերով ներկայանայ բանակցութեանց: Ահա թէ ինչո՛ւ յատկապէս Թուրքիան պիտի փորձէ ամէն գնով արգելք հանդիսանալ սուրիական բանակին ի նպաստ ուժերու հաւասարակշռումին եւ կրկին զինել Հալէպի մէջ եւ շուրջ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումները:
Այստեղ տեղին է յիշել, թէ Թուրքիան մինչեւ օրս Հալէպի գծով դաւադրական իր շարք մը ծրագիրները չյաջողեցաւ իրականացնել. ան, քանդել ու թալանել տալով հանդերձ, չյաջողեցաւ ամբողջովին անդամալուծել Հալէպի արդիւնաբերական շրջանը (զօրքը ազատագրեց զայն), չկրցաւ մասնատել քաղաքի արեւմտեան շրջանը, եւ ահա՛ ան, որպէս վերջին միջոց, կը փորձէ հրահրել զինեալ խմբաւորումներն ու գետնի վրայ յառաջխաղացք արձանագրելու սին յոյսերով սնուցանել իր ձախող քաղաքականութիւնը:
Միւս կողմէ, սակայն, Հալէպի ազատագրումը կը շարունակէ մնալ սուրիական պետութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը, որուն իրականացմամբ զօրքը նոր աւիշ պիտի հայթայթէ Սուրիոյ անվտանգութեան եւ վերականգնումի գործընթացին:
Կը մնայ յուսալ, որ յառաջիկայ հանգրուանը Սուրիոյ համար ըլլայ լուրջ բանակցութիւններու եւ ձեռքբերումներու հանգրուան մը, եւ օրերս թափ առած քաղաքական հանդիպումները չմնան լոկ խօսքերու եւ այցելութիւններու շրջագիծին մէջ:
Զ. Պ.


