«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը Թուրքիա կատարած իր եռօրեայ այցելութիւնը աւարտելէ ետք Հռոմ վերադառնալու ճամբուն ընթացքին օդանաւին մէջ պատասխանած է իրեն ուղեկցող լրագրողներու հարցումներուն եւ այլ հարցերու կողքին անդրադարձած նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն:
«Թուրքիոյ կառավարութիւնը անցեալ տարի ժեսթ մը կատարեց: Նախկին վարչապետ Էրտողանը ուղերձ յղեց: Ոմանք զայն շատ փոքր քայլ նկատեցին: Չեմ գիտեր` փո՞քր էր, թէ՞ մեծ, սակայն ամէն պարագայի կը կարծեմ, որ ատիկա ձեռք մեկնում էր», ըսած է պապը` քայլը գնահատելով դրական:
«Ես կրնամ ձեռքս քիչ կամ շատ երկարել եւ սպասել, որ դիմացինս ինծի ինչ պիտի ըսէ: Սրտիս ցանկութիւնն է, որ հայ-թրքական սահմանը բացուի: Այնքան լաւ պիտի ըլլայ, որ այդ սահմանը բացուի: Ես գիտեմ, որ այդ շրջանին մէջ կան աշխարհաքաղաքական հարցեր, որոնք կը դժուարացնեն սահմաններու բացումը, սակայն եկէք աղօթենք յանուն այն բանի, որ այս ժողովուրդներուն միջեւ փոխհամաձայնութիւն ըլլայ: Պէտք է օգնենք, որ այս իրավիճակը հարթուի: Կը ցանկամ, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ թէկուզ եւ փոքր ժեսթերու, սակայն մերձեցման ուղղուած քայլերու տարի», ըսած է պապը:
Միւս կողմէ, «Հապերլեր» կայքը հաղորդեց, որ պապը Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին այցելած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին, որ հիւանդութեան պատճառով 2008-էն ի վեր չի կրնար շարունակել հոգեւոր ծառայութիւնը:
Պապը այցելած է հայկական Ս. Փրկիչ հիւանդանոց, ուր կը խնամուի պատրիարքը, համբուրած անոր աջը եւ խաչը մօտեցուցած անոր ճակատին:
Պապի այցելութեան ընթացքին թրքական ոստիկանութիւնը անվտանգութեան լուրջ միջոցառումներու ձեռնարկած է: Շէնքը շրջափակուած է ոստիկաններով, իսկ յարակից շէնքերու տանիքներուն արձակազէններ տեղակայուած են:
Ֆրանչիսկոս պապի անվտանգութիւնը ապահովելու համար նաեւ ուղղաթիռ օգտագործուած է:
Հիւանդանոցին մուտքը զարդարուած է «Բարի գալուստ, պապ» գրութեամբ:


