Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ներխուժած է Պէյրութի Թարիք Ժտիտէ թաղամասը, ուր ձերբակալած է սուրիացի չորս կասկածելիներ, որոնք առանց փաստաթուղթի մուտք գործած են Լիբանան եւ որոնց մասին կան կասկածներ, թէ անոնք կրնան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամ ըլլալ:
Քուրայի մէջ բանակը ձերբակալեց վեց յանցագործներ, որոնց շարքին նաեւ` աւստրալիացի մը. անոնք փոխանցուեցան համապատասխան դատական մարմիններուն:
Միւս կողմէ, բանակի սակրաւորները Թրիփոլիի մէջ վնասազերծեցին երկու ականներ:


