Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 2, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ապիճանի ներքին գործոց նախարար Ահմետ Պաքայոքոյի հետ: Քննարկուեցան Ապիճանի մէջ բնակող լիբանանեան գաղութին առնչուած հարցեր: Պասիլ շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի ամէնէն վտանգաւոր հարցը ահաբեկչութիւնն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտանը եւ նախկին երեսփոխան Ալի Քանսոն, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական առումով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխան Նաուար Սահիլի շեշտեց Պթատհիի ոճիրին պատասխանատու յանցագործները ձերբակալելու եւ զանոնք խստագոյն պատիժներուն ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:

ՔՖԱՐՏԸՊԻԱՆԻ մէջ նախանցեալ օր կորսուած էր երիտասարդ Ֆատի Աքիքի. անոր դիակը երէկ առաւօտեան գտնուեցաւ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախագահ Ռոնի Արայժի ընդգծեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յարմար նկատեց, որ կառավարութիւնը նշանակէ լիբանանցի վստահելի անձնաւորութիւն մը` պաշտօնապէս բանակցելու բանակայինները առեւանգող կողմին հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Մոսկուա ընտրելու համար Լիբանանի գնելիք զէնքերն ու զինամթերքը:

ԿԸ նախատեսուի, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ կատարուելիք ազգային երկխօսութիւնը սկսի Այն Թինէի մէջ: Հաւանական է նաեւ, որ յաջորդ 48 ժամուան ընթացքին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրիի միջեւ եռեակ հանդիպում մը կատարուի, որոշելու համար երկխօսութեան օրակարգը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ Հըզպալլայի կողմէ իր գերեվարուած մարտիկին ազատ արձակումը ամօթի մատնած է Լիբանանի կառավարութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ երկխօսութիւնը հիմնական կարիք է` հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ դնելու ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով այսօր խիստ կարիքը կայ գաղտնապահութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր կարեւոր նկատեց, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները ատակ անձնաւորութիւններ նշանակեն առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան ուղին ընթացք առած է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան պաշտօնական մարմինները համոզուած կը նկատուին բանակայինները արգելափակեալներով փոխանակելու գաղափարին:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ անկարելի է Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն թեկնածուները նախագահ ընտրել:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներէն, կը գրէ, թէ այս հանգրուանին հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ դնելը Հըզպալլայի համար առաջնահերթութիւն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ աղբիւրներ «Պինա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենց դաշնակիցները ներկայ պիտի ըլլան Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իրենց ունենալիք երկխօսութեան:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ընտրական օրէնքի մշակման խորհրդարանական յատուկ յանձնախումբին աշխատանքներուն կարիք չկայ, եթէ ան դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի:

 

Նախորդը

Փութինի Թուրքիա Այցելութեան Ընթացքին Ստորագրուեցան Ուժանիւթի Եւ Առեւտուրի Մարտերուն Վերաբերող Փաստաթուղթեր

Յաջորդը

Բանակը Կը Շարունակէ Իր Ձերբակալումներն Ու Ականներու Վնասազերծումը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.