
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ ձեռնարկեց հնգօրեայ եւրոպական շրջապտոյտի մը, որ կը ներառէ Պելճիքան, Զուիցերիան, ու Բրիտանիան: Քերրի Պրիւքսելի մէջ պիտի նախագահէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դաշինքին անդամ երկիրներու առաջին նախարարական ժողովին:
Չորեքշաբթի նախատեսուած ժողովին պիտի մասնակցին Դաշինքի անդամ 60 երկիրներու ներկայացուցիչներ:
Քերրի զուիցերիական Պազըլ քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի ժողովին` քննարկելու համար Ուքրանիոյ մէջ տագնապի լուծման կազմակերպութեան մասնակցութեան հարցը:
Ան հինգշաբթի օր խօսք մը պիտի արտասանէ Լոնտոնի մէջ Աֆղանիստանի շուրջ խորհրդաժողովին ընթացքին եւ երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանիի ու վարչապետ Ապտալլա Ապտալլայի, ինչպէս նաեւ Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆի հետ:


