Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միջին Արեւելքը Համաշխարհային Ա. Պատերազմի Ընթացքին» Խորագրեալ Խորհրդաժողով. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգներ Եւ Եւրոպական Պետութիւնները Հրապարակեն Իրենց Արխիւները» Յայտարարեց Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան

December 2, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC09733Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան համալսարանի «Լիբանանեան պատմական ընկերակցութեան» երկօրեայ խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 27 եւ ուրբաթ, 28 նոյեմբեր 2014-ին, Լիբանանեան համալսարանի Գրականութեան եւ մարդկային գիտութեանց հիմնարկին մէջ, Ֆանար: Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-ին սկսած այս խորհրդաժողովին խօսք առին համալսարանի դասախօսներ ու լիբանանցի ծանօթ մտաւորականներ, ինչպէս` դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան, դոկտ. Անթուան Հըքայեմ, դոկտ. Անթուան Նաուֆալ, դոկտ. Ժոզեֆ Լապաքի, դոկտ. Իսամ Խալիֆէ, դոկտ. Պութրոս Լապաքի, դոկտ. Ժիւլիեթ Ռասի, դոկտ. Ժոել Թըրք եւ շատ ուրիշներ: Խորհրդաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ թուրք բանախօս մը` Ճենկիզօղլու, որ ելոյթ ունեցաւ «Օսմանեան բանակի լիբանանցի նահատակները Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին» նիւթով:

Խորհրդաժողովի առաջին օրուան յետմիջօրէի բանախօսներուն կարգին էր դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան: Ան անդրադարձաւ «Պատերազմը անկիւնադարձային հանգրուան` հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ» խորագրեալ նիւթին` հանգամանօրէն թուելով Հայոց ցեղասպանութեան կանխամտածուած ու ծրագրեալ ըլլալը հաստատող հիմնաւորեալ աղբիւրներ: «Պատերազմը յարմար առիթ էր իրականացնելու թուրքերու թուրանական ծրագիրը եւ գործադրելու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր», ընդգծեց Գապագեան: Դոկտ. Գապագեան յատկապէս նշեց այս առնչութեամբ հրապարակուած նոր եւ փաստացի տուեալներ, ինչպէս` ամերիկեան Քեմպրիճ համալսարանի հետազօտողներէն Ճէյն Ուինթըրի մէկ աշխատասիրութիւնը, ըստ որուն «երկրի հիւսիս-արեւելքը գտնուող մշակութային առումով զարգացած, յառաջադէմ ու յարաբերաբար հարուստ հայկական համայնքին գոյութիւնը հարց էր թուրքերուն համար Համաշխարհային Ա. պատերազմէն շատ առաջ: Այս հարցը քաղաքական, ռազմավարական վտանգի վերածուեցաւ պատերազմին բռնկումով: Սակայն պատերազմէն ետք հայերուն, յատկապէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող երկու միլիոն հայերը այլեւս վտանգ չեն ներկայացներ»: Ան նշեց հայութեան մեծագոյն բարեկամներէն Քարէն Եփփէի ՄԱԿ-ի արխիւներու հրապարակումը, որ այսուհետեւ ձեռնտու պիտի ըլլայ պատմաբաններուն եւ  հետազօտողներուն համար: Սահիկներու եւ քարտեսի օգնութեամբ ան յիշեց հիմնական հանգրուաններն ու ցեղասպանութեան ենթարկուած շրջանները: Դոկտ. Գապագեան այս գծով անհրաժեշտ նկատեց 1914-1917-ին  առարկայական տեղեկութիւններու միջազգային, յատկապէս ամերիկեան ու եւրոպական արխիւներու հրապարակումը` ընդգծելով. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ժամանակն է, որ գերպետութիւնները, յատկապէս` ամերիկեան եւ եւրոպական երկիրները հրապարակեն իրենց արխիւները»: Խորհրդաժողովի երկրորդ օրուան նիւթերուն մէջ հետաքրքրական ու շահեկան էր նաեւ դոկտ. Ժոել Թըրքի ներկայացուցած նիւթը «Լեռնալիբանանի վերջին մութասարեֆ-կառավարիչ Յովհաննէս փաշա Գույումճեան»-ի մասին:

Նշենք, որ խորհրդաժողովի նիւթերուն մէջ կարեւոր համեմատութեամբ հայութեան առնչուող կողմնակի թէ ուղղակի տեղեկութիւններ փոխանցուեցան ինչպէս` դոկտ. Ժիւլիեթ Ռասիի նիւթին մէջ նշուած մէկ նկարի պատմութիւնը` ուր թուրք սպաներ նահատակ հայերու գլխատուած գլուխներուն շուրջ կեցած նկարուած են: Նշենք նաեւ, որ լիբանանցի եւ հայ 38 մտաւորական հետազօտողներ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ գործակցաբար յատուկ գիրք մը պիտի հրապարակեն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

ԳՈՀԱՐ-ի Երաժիշտները Այցելեցին «Ազդակ»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.