Սենեկալի մայրաքաղաք Տաքարի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի վարչապետ Իպրահիմ Մահլապի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայ-եգիպտական բարեկամական յարաբերութիւններուն զարգացումը, բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը, գիտութեան, կրթութեան եւ մշակութային մարզերուն մէջ խրախուսման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը փոխանցէ, որ Մահլապը Նալբանդեանին տեղեկացուցած է, որ Գահիրէի համալսարանին մէջ պիտի վերաբացուի հայագիտութեան ամպիոնը:
Զրուցակիցները նաեւ միտքեր փոխանակած են Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն մասին:


