Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլիվիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը Ընդունած Է

December 1, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1130_bolovia1Պոլիվիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող, յանցագործութիւնը դատապարտող եւ հայ ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնող բանաձեւ մը:

Ծերակոյտի նախագահ Սոնիա Կուարտիա Մելկար «Փրենսա Արմենիա» հայկական լրատուամիջոցին ըսած է, որ միաձայնութեամբ հրապարակուած բանաձեւը ընդունուած է ինչպէս Ներկայացուցիչներու տան, նոյնպէս ալ Ծերակոյտին կողմէ` նախապէս արժանանալով արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայնութեան: «Մենք մեր անվերապահ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներուն, որովհետեւ մեր պետական սահմանադրութիւնը` օրէնքներուն օրէնքը կը մերժէ խտրականութիւնը, մարդու իրաւունքներու խախտումը եւ ցեղասպանութիւնները»:

Ան աւելցուցած է, որ իրենք նկատի ունին 1915-1923 թուականներուն հայերուն դէմ թրքական   պետութեան գործած յանցանքը: Բանաձեւին ամբողջական յօդուածը հետեւեալն է`«Պոլիվիոյ  Օրէնսդիր ժողովը կը կիսէ եւ կը զօրակցի հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին`  յանուն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան հաստատման: Ան  կը յայտարարէ իր զօրեղ յանձնառութիւնը մարդու իրաւունքներու ու արդարութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ եւ կը դատապարտէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ու կրած տառապանքներուն ժխտման քաղաքանութիւնը»:

Յիշեցնենք, որ լատինամերիկեան այս երկրէն զատ այդ ցամաքամասին մէջ ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս դատապարտած են նաեւ Ուրուկուէյը եւ Արժանթինը: Ուրուկուէյը եղած է  առաջին պետութիւնը, որ նման փաստաթուղթ ընդունած է:

 

Նախորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Աթէնքի Մէջ Գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսի Վարչապետին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.