Կազմակերպութեամբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, երէկ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Գոհաբանութեան տօնին առիթով սկիզբ առաւ «Թելեթոն 2014» համահայկական դրամահաւաքը` նպատակ ունենալով Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախին միացնող Վարդենիս – Մարտակերտ մայրուղիի կառուցումը:
Կէս գիշերէն ետք ժամը մէկի տուեալներով` հաւաքուած գումարը եւ կատարուած խոստումները հասած էին շուրջ 5 միլիոն 600 հազար տոլարի սահմանը:


