Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախանցեալ օր յայտարարած է, թէ կ՛ընդունի ոչ իշխանական եռեակի առաջարկը` համամասնական ընտրակարգին անցնելու եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւն կազմակերպելու հարցերը քննարկելու վերաբերեալ:
Իշխող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի նիստէն առաջ լրագրողներուն հարցումին, թէ կը պատրաստուի՞ն արդեօք քննարկելու ոչ իշխանական եռեակի` Հայ ազգային քոնկրեսի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան պահանջը հարիւր առ հարիւր համամասնական ընտրակարգին անցնելու վերաբերեալ, վարչապետը դրական պատասխան տուած է եւ ընդգծած, թէ կառավարութիւնը արդէն իսկ համաձայնած է ատոր եւ կառուցողական տրամադրուած է:
Յիշեցնենք, որ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան անցեալ շաբաթ ոչ իշխանական եռեակին կողմէ ներկայացուած 12 կէտնոց պահանջներուն շուրջ քննարկումներու պատրաստակամութիւն յայտնած էր` ընդգծելով, որ այդ 12 կէտերէն շատերը նոր չեն. կառավարութիւնը անոնց հրապարակաւ անդրադարձած կամ զանոնք իրականացուցած է:
Եռեակը, սակայն, մերժած էր Աբրահամեանի այս առաջարկը` նշելով, որ 12 կէտերուն շուրջ ձեւական, կեղծ քննարկումներու փոխարէն յառաջիկային կը նախատեսեն հրաւիրել արտակարգ նիստ` ընտրական օրէնսգիրքին մէջ բարեփոխումներ կատարելու, մասնաւորապէս, մեծամասնական ընտրակարգը վերացնելու եւ ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքացիներուն ցուցակները հրապարակելու հարցին շուրջ:


