Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան. «Կործանած Ուղղաթիռի Փաստով Քրէական Գործ Յարուցուած Է»

November 28, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1127_SeyranՈւղղաթիռի անձնակազմի աճիւնները վերադարձնելով` «Մի-24»-ի գործը տակաւին  աւարտած չէ. կայ երեք զոհ, պաշտպանութեան նախարարութիւնը միայն ծառայողական քննութեամբ չի սահմանափակուիր, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:

«Ծառայողական քննութիւն, միաժամանակ ատոր զուգահեռ նաեւ քրէական գործ յարուցուած է, որովհետեւ իւրաքանչիւր այդպիսի դէպք, որ  մարդոց կեանքերը կը խլէ, երկկողմանի` ե՛ւ հրամանատարներու, ե՛ւ իրաւապահ մարմիններուն  կողմէ համապատասխան աշխատանք կ՛իրականացուի: Աշխատանքի արդիւնքով երկու կողմերուն մասնագէտները իրենց գնահատականը կու տան, եւ համապատասխան ելքը կը գտնուի», ըսած է պաշտպանութեան նախարարը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ նոր փաստեր ի յայտ կու գան  զինուորականներուն եւ իրաւապահներուն միացեալ քննութեան արդիւնքով, եւ կարելի՞ է արդեօք, որ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուին հրամանատարական կազմին անդամները, Օհանեան պատասխանած է, որ քննութիւնը բոլոր հարցումներուն սպառիչ պատասխաններ կու տայ, միաժամանակ ընդգծելով, որ ուղղաթիռը մասնակցած  է վարժանքներու, թռիչքի ուղին ալ անձնակազմին անծանօթ չէ եղած:

«Այդ նոյն ուղիով անոնք իրականացուցած  են թռիչք, պարզապէս այս անգամ հակառակորդի այդ դաւին պատճառով ուղղաթիռը կործանած  է: Ուղղաթիռին կործանումը  անպատասխան պիտի չմնայ», ըսած է Օհանեան:

«Լիբանանը Հայաստանի Արտաքին
Անվտանգութեան Շահերու Տիրոյթին Մէջ
Գտնուող Մերձաւոր Արեւելք Է»

«Լիբանան նախ եւ առաջ կ՛երթաք միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ձեր նպաստը բերելու համար, եւ ատիկա պիտի ընէք անկայունութեան պատճառով կէս դարէ աւելի ծուատուող երկրի մը մէջ, ուր ժամանակին խաղաղ համակեցութեամբ կ՛արարէին տարբեր կրօնական պատկանելիութիւն ունեցող շարք մը ժողովուրդներ: Այսօր ալ, Միջերկրական ծովու ափին սփռուած այդ երկրին մէջ կ՛ապրին տասնեակ հազարաւոր մեր հայրենակիցները` ցեղասպանութենէն  փրկուած հայերու սերունդները», չորեքշաբթի երեկոյեան  «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` 32 հոգինոց հայկական զօրախումբը խաղաղապահ առաքելութեան ուղեւորելու ատեն:

«Լիբանանը Հայաստանի արտաքին անվտանգութեան շահերու տիրոյթին մէջ գտնուող Մերձաւոր Արեւելք է: Ուրեմն գիտցէք, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու կազմին մէջ ձեր ծառայութեամբ կը նպաստէք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին անվտանգութեան ապահովման», ըսած է Օհանեան:

Հայկական խաղաղապահ ստորաբաժանումը  իտալական զօրախումբի կազմին մէջ պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի հովանիին ներքեւ իրականացուող «Լիբանանի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ժամանակաւոր ուժեր» (ՖԻՆԻՒԼ) առաքելութեան եւ  պիտի իրականացնէ ՄԱԿ-ի խարիսխի անվտանգութեան ապահովում:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Մոնթեպելլօ Քաղաքի Նոր Քաղաքապետը` Ճեք Հաճինեան

Յաջորդը

Վարչապետ Աբրահամեան Պատրաստ Է Բանակցելու Համամասնական Ընտրակարգին Շուրջ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.