26 նոյեմբերին Փարիզի մէջ ընթացող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին համաձայնագիրի միջկառավարական կոմիտէի 9-րդ նիստին որոշում տրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ ներառելու Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» դիմումը:
2013-ին ներկայացուած դիմումը անցած է համաձայնագիրով սահմանուած ընթացակարգային հանգրուանները` ստանալով փորձագիտական դրական եզրակացութիւն:
Այսպիսով, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկը համալրուեցաւ հայկական եւս մէկ` չորրորդ մշակութային արժէքով:
Դիմումը պատրաստուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովին կողմէն:
Սոյն որոշումէն ետք Թուրքիոյ մէջ կրկին հակահայկական արշաւ սկսած է:
Թրքական լրատուամիջոցները այժմ կը պնդեն, թէ լաւաշը ոչ թէ հայկական, այլ թրքական եւ ազրպէյճանական հացատեսակ է:


