Եւրասիական տնտեսական միութեան համաձայնագիրին Հայաստանի միանալու հարցը նախանցեալ օր դրական եզրակացութիւն ստացած է խորհրդարանի տնտեսական յանձնախումբին մէջ:
Շուրջ երկու ժամ տեւած քննարկումէ ետք յանձնախումբի անդամներուն մեծամասնութիւնը կողմ արտայայտուած է Եւրասիական տնտեսական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան: Կողմ քուէարկած են այլընտրանքային Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, ընդդիմադիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորները: Դէմ քուէարկած են միայն երկու պատգամաւորներ` Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութենէն Թեւան Պօղոսեան եւ անկախ պատգամաւոր Խաչատուր Քոքոբելեան: Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութիւնը ներկայացնող նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան քննարկման չէր մասնակցեր:
Դաշնակցութիւնը եւ եռեակի անդամներէն Հայ ազգային քոնկրեսը մինչ այդ կողմ արտայայտուած էին Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան, սակայն Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը յստակ դիրքորոշում մինչեւ նախանցեալ օր չէր ներկայացուցած: Նախանցեալ օր, սակայն, տնտեսական յանձնախումբի նիստին նախագահող Միքայէլ Մելքումեան յայտարարած է, որ Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը կողմ կը քուէարկէ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան:
«Մենք այլընտրանք չունինք եւ պէտք է անդամակցինք Եւրասիական տնտեսական միութեան», նշած է Միքայէլ Մելքումեան:


