Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան»-ի Հիմնադրամի «Ֆոնեթոն 2014»-ը Արձանագրած Է Աւելի Քան 1.37 Միլիոն Եւրօ Նուրատուութեան Խոստում

November 27, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

big_1417032440_905040719- 23 նոյեմբերին Ֆրանսայի մէջ տեղի  ունեցած է  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 15-րդ համաեւրոպական հեռաձայնային հանգանակութիւնը, որ արձանագրած է  աւելի քան 1.37 միլիոն եւրօ նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում:

Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինին գլխաւորութեամբ կազմակերպուող հանգանակութեան մասնակցած են Փարիզէն,  նաեւ Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ տեղական մարմինները, իսկ Յունաստանի տեղական մարմինը հանգանակութեան միացած է  22- 23 նոյեմբերին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած հանգանակութեամբ: Ձեռնարկին աշխուժ  մասնակցութիւն  ցուցաբերած է նաեւ Պելճիքայի  հայ համայնքը:

Հանգանակութիւնը այս տարի տեղի ունեցած է` «Տաղանդ, հմայք եւ առատաձեռնութիւն» խորագիրով: Ֆրանսայի Փարիզ, Մարսէյ, Թուլուզ եւ Լիոն քաղաքներու մէջ տեղակայուած կայաններէն աւելի քան 750 կամաւոր հեռաձայնած է մասնակից երկիրներու շուրջ 60000 հայ ընտանիքներու եւ կազմակերպութիւններու եւ յորդորած համայնքին եւ բարի կամեցողութեան տէր մարդոց մասնակցելու հայրենիքի շէնացման ուղղուած ձեռնարկներուն: Նման ուղերձով հանրութեան դիմած են նաեւ ձեռնարկին կնքահայրն ու կնքամայրը` ֆրանսահայ հանրաճանաչ երգիչ Փաթրիք Ֆիորին եւ պատկերասփիւռի յայտնի հաղորդավար, բնորդ, Ֆրանսայի Կարմիր խաչի դեսպան Ատրիանա Քարեմպոն:

Նուիրաբերուած գումարները այս տարի պիտի ուղղուին Տաւուշի մարզի գիւղատնտեսական տնտեսութիւններու զարգացման եւ ընդարձակման, Արցախի մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցման եւ սուրիահայերու աջակցութեան:

Նուիրատուութեան խոստումները ըստ երկիրներու`

Ֆրանսա 1.246.344 եւրօ
Գերմանիա 71.345 եւրօ
Զուիցերիա 31.726 եւրօ
Յունաստան 21.000 եւրօ
Պելճիքա 6.000 եւրօ

 

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Ցեղասպանութեան Հարցը Ամերիկեան Օրէնսդիր Մարմիններու Օրակարգ Բերելը Պիտի Ազդէ Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւններուն Վրայ»

Յաջորդը

Ըստ «Արմէնփրես»-ի. Հայ Խաղաղապահները Մեկնած Են Լիբանան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.