
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան համար կարեւոր է իր քաղաքացիներուն ապահովութեան եւ սնունդի առողջապահական չափանիշները յարգելու իմաստով բոլոր միջոցառումները որդեգրել:
Խորհրդարանի նախագահը վերահաստատեց, որ ինք բնաւ հանգիստ չէ երեսփոխանական ընտրութիւններու նպատակով ընտրական նոր օրինագիծ մը մշակելու համար կազմուած խորհրդարանական յանձնախումբին աշխատանքներով:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հըզպալլայի կողմէ առեւանգուած իր մարտիկներէն Իմատ Այեատի ազատ արձակումին մանրամասնութիւններուն: Այս շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող լիբանանցի բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով լիբանանեան պետութիւնը ունի շարք մը տուեալներ` ընդգծելով այդ իմաստով ընթացող բանակցութիւնները գաղտնի պահելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան կը սպասէ Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան սկսելու առումով Մուսթաքպալ հոսանքին պատրաստած երկխօսութեան օրակարգի նախագիծին:


