Սաժես դպրոցի Մար Եուհաննա մասնաճիւղի ԺԲ. դասարանի աշակերտները երէկ այցելեցին Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կեդրոն, ուր անոնք ընդունուեցան Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի կողմէ:
Այցելութեան ընթացքին աշակերտները ծանօթացան կեդրոնին աշխատանքներուն եւ դոկտ. Կիտանեանէն իմացան պաշտօնական վիճակագրութիւն ունենալու կարեւորութիւնը` երկրին ընկերային եւ տնտեսական քաղաքականութիւնները որդեգրելու եւ ընկերային արդարութիւն պարտադրելու իմաստով:


