Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Մարզիկները Ամէն Տեղ Կրնան Բարձր Պահել Մեր Երկրին Պատիւն Ու Հեղինակութիւնը» Յայտնեց Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէն

November 25, 2014
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1124_In-BakuԻնչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 21-22 նոյեմբերին Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեանի գլխաւորութեամբ, Պաքուի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէի 43-րդ գլխաւոր համաժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց կարգին յառաջիկայ տարի Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական մարզական առաջին խաղերուն հետ կապուած շարք մը խնդիրներ:

Այս առիթով Հայատանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ նշեց. «Համաժողովին պատուիրակները բարձր գնահատեցին Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին որոշումը` մասնակցելու Պաքուի մէջ տեղի ունեցած գլխաւոր համաժողովի աշխատանքներուն: Անոնք շեշտեցին, որ հայկական կողմին քայլը կարեւոր ներդրում է խաղաղութեան հաստատման եւ մարզաշխարհին մէջ համերաշխութեան կայացման գործին մէջ:

«Հայկական կողմին բոլոր հարցադրումներուն տրուեցան բաւարարող եւ սպառիչ պատասխաններ, մինչ Պաքու անգամ մը եւս եկաւ շեշտելու, որ պիտի ապահովէ հայկական պատուիրակութեան անվտանգութիւնը:

«Այս համաժողովին որոշուեցաւ Եւրոպական ողիմպիական կոմիտէին 45-րդ համաժողովը կատարել Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:

«Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն կը գտնէ, որ հայ մարզիկները պէտք է մասնակցին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական այդ առաջին խաղերուն` անգամ մը եւս ապացուցելու համար, որ Հայաստանի մարզիկները ամէն տեղ կրնան բարձր պահել մեր երկրին պատիւն ու հեղինակութիւնը:

«Այսուհանդերձ հաշուի առնելով հարցին նրբութիւնը եւ կարեւորութիւնը, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն վերջնական որոշում պիտի տայ միայն մարզաշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներէն ետք»:

 

 

Նախորդը

Ռաշայայի Մէջ. ՀՄԸՄ Այնճար Ներկայ` Լիբանանի Անկախութեան Վազքին

Յաջորդը

Լիբանանի Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ Երրորդ

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական,  Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ`  Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական, Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ` Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար

November 21, 2026
Բռնցքամարտ.  Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան`  Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան` Յաղթական

November 21, 2026
Ճիւտօ.  Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց  Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան
Մարզական

Ճիւտօ. Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.