
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ կիրակի օր մասնակցած է «Թելեթոն-2014»-ի ծիրին մէջ կազմակերպուած կալային եւ խօսք առնելով անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի կեանքին, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ շրջանային հոլովոյթներուն: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է սփիւռքի հետ համագործակցութիւնը:
Խօսելով «Թելեթոն-2014»-ի հիմնական նպատակը հանդիսացող Վարդենիս – Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման մասին` Բ. Սահակեան ատիկա բնութագրած է իբրեւ Ղարաբաղի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար ռազմաքաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական առանցքային նշանակութիւն ունեցող ծրագիր:
Բակօ Սահակեան Ղարաբաղին մատուցած ծառայութիւններուն համար բարերար Ճերալտ Թրփանճեանը պարգեւատրած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ ձեռնարկին մասնակիցներուն շարքին եղած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւ այլ պաշտօնատարներ:


