Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը քննարկած է Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
Ան նշեց, որ համախմբումը կը հետեւի Սահմանադրական խորհուրդի նիստերուն, որոնք յատկացուած են խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը բողոքարկելու պահանջին քննարկման: «Համախմբումը տակաւին յոյս ունի Սահմանադրական խորհուրդի անդամ դատախազներուն խղճին վրայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անոնք պէտք է պահպանեն երկրին սահմանադրութիւնը:
Քանաան շեշտեց, որ համախմբումը իր նիստերը բաց պիտի պահէ` հետեւելու իր ներկայացուցած վիճարկումին ստանալիք ընթացքին: «Երկրորդ անգամուան համար իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած խորհրդարանը օրինականութիւն չունի, ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու, ինչպէս նաեւ առանց համաձայնութիւններու նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարողութիւն չունի», շեշտեց ան:
Քանաան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը արտաքին միջամտութիւններէ եւ սակարկութիւններէ դուրս բերելու իմաստով իրենք տարբեր նախաձեռնութիւններ առաջադրած են, սակայն մնայուն կերպով մերժողական կեցուածքներու դէմ յանդիման գտնուած:


