
Փաղանգաւոր կուսակցութեան հիմնադրութեան առիթով` կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ չկայ դէպք մը, որուն Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը մասնակից չէ դարձած եւ իր ազդու դերակատարութիւնը չէ ունեցած: «Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը մէկ սերունդի եւ մէկ հանգրուանի կուսակցութիւն չէ, այլ` բոլոր սերունդներուն եւ հանգրուաններուն կուսակցութիւնն է», շեշտեց ան:
Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնն ու Լիբանանի անկախութիւնը երկուորեակներ են` աւելցնելով, որ իրենց իրաւունքն է կոչ ուղղել վերահաստատելու անկախութիւնը` ընտրելով ազգային միասնականութեան եւ համագործակցութեան ուխտը նորոգող, ինչպէս նաեւ արդի պետութիւն մը հիմնող հանրապետութեան նախագահ մը:
«Պէտք է մնայուն կերպով յիշել, թէ Լիբանանը անկախ է եւ ունի սահմաններ, վարչակարգ, սահմանադրութիւն եւ կենցաղ, ու կարելի չէ զայն նկատի ունենալ պատերազմներու, հարստութեանց, նոր քարտեսներու, սադրանքներու եւ նորանոր գոյացութիւններու մէջ: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` մենք մերժեցինք ժողովրդավարական վարչակարգին հասած հարուածը` նախագահական աթոռը թափուր պահելը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութիւն չկատարելը միայն լիբանանեան վարչակարգին դէմ հարուած հասցնել չէ, այլեւ լիբանանեան հիւսուածքի աղաւաղում է:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն երկխօսութեան ձեռնարկելու, համաձայնելու, նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ վերադառնալու երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն:


