ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Սուրիահայութեան վիճակը կը մտահոգէ համայն հայութիւնը: 100 տարի առաջ հայութեան կրած տառապանքները այսօր զարմանալի նմանութիւններով կը կրկնուին` տարբեր դերակատարներով, բազմաթիւ պետութիւններու ռազմագիտական շահերու հետապնդումով: Քննելով միայն «Արաբական Գարուն»-ի սուրիական դիպաշարը` զարմանալի ամբարտաւանութեամբ արեւմտեան պետութիւնները կը կիրարկեն միջինարեւելեան երկիրները մասնատելու մտածուած ծրագիր մը, որ կը հետապնդէ տնտեսական եւ քարիւղային ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող տարածաշրջանի պաշարներուն տիրապետելու նպատակ` շրջանային կարգ մը ոստիկան- երկիրներու անմիջական մասնակցութեամբ, ինչպէս` Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Արաբական Էմիրութիւններու եւ Իրաքի քրտական ինքնավար ուժերուն:
Խորապէս կ՛ափսոսանք Ֆրանսայի կողմնակալ դիրքորոշումին համար` ի վնաս Սուրիոյ ժողովուրդին եւ հոն գտնուող հայութեան: Ֆրանսան առաջին պետութիւնն էր, որ ճանչցաւ «Սուրիոյ ազատ բանակ»-ին ղեկավարութիւնը` իբրեւ նոր Սուրիոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ, որուն նպատակն է Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը տապալել: Երկու տարի անդադար «Սուրիոյ ազատ բանակ»-ին զինեալներուն զինամթերք տուաւ, զինեալներ, փոխադրութեան միջոցներ, լրտեսական ցանցեր հայթայթեց, նիւթական վարձատրութիւն ցուցաբերեց եւ արդիւնքը եղաւ` սպանդ, տեղահանութիւն, թշուառութիւն, բազմադարեան մշակութային հարստութիւններու քանդում` սկսելով Հալէպէն մինչեւ յետին այլ քաղաքներ եւ գիւղեր:
Արեւմուտքը ստեղծեց սուրիական քաոսը, ուր ծլեցան ամէն տեսակի ծայրայեղական զինեալներ, որոնց կարգին` ժիհատականներ, որոնք այսօր իբր թէ կը սպառնան միջազգային խաղաղութեան: Ֆրանսան գլուխը անցաւ Սուրիան քանդելու ծրագիրին միջազգային համախմբումին: Թուրքիան հանդիսացաւ անոր առաջին դաշնակիցը: Աւելի՛ն. անիկա առանցքը դարձաւ քանդումին: Սուրիոյ գերիշխանութեան դէմ ծայրայեղական կրօնամոլ ընդդիմութիւնը հաւաքուեցաւ, մարզուեցաւ, զինուեցաւ գլխաւորաբար Թուրքիոյ մէջ: Թուրքիայէն Սուրիոյ վրայ յարձակումի անցաւ:
Չբաւարարուելով քանդումով` Թուրքիա առիթը կը փնտռէ սուրիական կարգ մը հողամասեր գրաւելու: Առաջին առիթով անիկա ձախողեցաւ, երբ Քեսապի վրայ յարձակելու ղրկեց «Ժապհաթ Նուսրա»-ի հրոսակները: Այն ժամանակ սուրիական զինուորական օդանաւ մը վար առաւ` պատրուակելով թրքական օդային սահմանի խախտումը: Սակայն մէկ կողմէ Ռուսիոյ հակազդեցութեան, իսկ միւս կողմէ ալ Կիւլենի կողմնակիցներուն բացայայտած գայթակղութիւններուն պատճառով չյանդգնեցաւ յարձակումի անցնիլ:
Այսօր պայմանները աւելի նպաստաւոր կը թուին ըլլալ: Եւ շնորհիւ իսլամական խալիֆայութեան` Միացեալ Նահանգներու առաջնորդութեամբ ռազմական դաշնակցութիւնը հող կը պատրաստէ Թուրքիոյ միջամտութեամբ սուրիական կարգ մը շրջաններու գրաւումին:
Այս բեմադրութիւնը, որ կը ներկայացուի միջազգային հեռատեսիլի ալիքներէն, Հոլիվուտի մէջ պատրաստուած ժապաւէններու կատարելագործուած ծրագիրի նման է` օրըստօրէ իր զգայացունց դէպքերով, ինչպէս ներկայիս` քրտաբնակ Արաբ Բունար քաղաքի մասնակի գրաւումով, անմեղ բնակչութեան տեղահանումով: Այս պայմաններուն մէջ թրքական միջամտութիւնը կը սպասուի, որ իբր փրկարար քայլ կ՛ընկալուի:
Ուրեմն, կեցցէ՛ Իսլամական խալիֆայութեան ստեղծումը, որ դուռ բացաւ անիրագործելի հրէշային ծրագրի իրագործումին:
Միջին Արեւելքին նոր սահմանագիծեր տալու ծրագիրը արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր կը գործադրուի եւ շուտով իր աւարտին կրնայ հասնիլ: Եթէ արեւմտեան երկիրները իրենց ռազմավարական շահերը կ’ապահովեն, Իսրայէլ` Իրան-Իրաք-Սուրիա-լիբանանեան Հըզպալլայի շիի դաշինքը կոտրելու հեռանկարը կը փայփայէ: Թուրքիոյ մասնակցութիւնը կը միտի մասնաւորապէս Իրաքի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ տարածքին քրտական պետութեան մը հիմնումը կասեցնելու:
Ռազմավարական շահերը կ’անտեսեն, կ’ոտնակոխեն մարդկային բոլոր արժէքները, մարդկային ազնիւ զգացումները, քաղաքակրթական արժէքները: Այդպէս էր ասկէ հարիւր տարիներ առաջ ալ, Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն: Եւրոպական պետութիւնները շահագրգռուած էին Օսմանեան կայսրութեան քայքայումով, քարիւղի պաշարներու տիրապետութեան հաշիւներով, Ռուսիոյ իշխանութեան դէպի հարաւ յառաջխաղացքի կասեցումով:
Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ մարդկային իրաւունքները, փոքր ժողովուրդներու սպանդը, կողոպուտը, բռնաբարումը կողմնակի վնասներ կը նկատուին. ասոնք միայն կը ծառայեն գործ հայթայթելու քաղքենի միամիտ բարեսիրական ընկերակցութիւններու, որոնք յաճախ ալ կը գործածուին լրտեսական առաքելութիւններ կատարելու համար:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներքին ճակատի վրայ միջազգային անկայուն այս շրջանը կը դիմագրաւէ յարաբերաբար կայուն պայմաններու մէջ:
Սակայն իրավիճակը այնքան պայթուցիկ է, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ թշնամական կեցուածքը, Ռուսիոյ եւ արեւմտեան երկիրներու հակասական պետական շահերը կրնան ապակայունացնել տնտեսապէս խախուտ Հայաստանի դիրքը: Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն լարուած վիճակը չի նպաստեր Հայաստանի պետական գերագոյն շահերու պաշտպանութեան: Պայմանները կը թելադրեն, կը հարկադրեն իշխանութեան նոր ներդաշնակ համակարգ մը մշակել: Կառավարման նոր որակ` դիմագրաւելու համար գալիք դժուար ժամանակները:


