Իրաքեան բանակային ուժեր, գործակցաբար իրաքցի աշիրեթներուն հետ, երէկ ձեռնարկեցին փոխադարձ յարձակումի եւ յաջողեցան ազատագրել Ռամատիի Ժմամիէ գիւղը եւ յայտնեցին, որ ՏԱՀԵՇ-ի յիսուն տարրեր սպաննուած են:
Երէկ յետմիջօրէին թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրաքի Անպար նահանգի խորհուրդի նախագահը հեռաձայնային կապակցութեամբ օգնութիւն եւ օժանդակութիւն խնդրած է վարչապետ Հայտար Ապատիէն, այն տեղեկութեանց լոյսին տակ, թէ ՏԱՀԵՇ պաշարած է Անպար նահանգը:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ի 64 զինեալներ սպաննուած են 110 ուրիշներ վիրաւորուած են Իրաքի Սամարրա շրջանին մէջ:
Իսկ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքի աղբիւրներ յայտնեցին, որ դաշինքի ուժերը օդանաւային 30 յարձակումներ գործած են Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ:


