Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան 18 եւ 19 նոյեմբերին Յորդանանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Վիճակագրական վարժեցումի եւ հետազօտութեանց արաբական հիմնարկի վարչութեան 39-րդ նիստին:
Նիստին աւարտին կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որ ստանձնեց հիմնարկին օրէնքները արդիականացնելու պարտականութիւնը` կազմակերպական եւ գործադիր աշխատանքի առումով հիմնարկին կարողականութիւնը բարձրացնելու նպատակով:
Այս յանձնախումբին աշխատանքը պիտի ըլլայ հիմնարկին վարչական, ելեւմտական եւ գործադիր մարմինի օրէնքները արդիականացնել:
Յանձնախումբին նախագահութիւնը ստանձնած է Լիբանանի հանրապետութիւնը, ներկայացուած` դոկտ. Կիտանեանի անձով:
Յանձնախումբին անդամ միւս երկիրներն են Եգիպտոսը, Քուէյթը, Յորդանանը եւ Եմէնը:


