Գերմանիոյ ֆութպոլի լիկայի նախագահ Ռայնհարտ Ռաուպալ կը կարծէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պէտք է մտածէ ՖԻՖԱ-էն դուրս գալու` անջատուելու տարբերակը, եթէ ամբողջութեամբ չհրապարակուին 2018-ի եւ 2022-ի աշխարհի ախոյեանութեանց հիւրընկալ երկիրներու ընտրութեան հետ կապուած հետաքննութիւններուն արդիւնքները:
«Այդ բոլոր հետաքննութիւններուն արդիւնքները պէտք է ամբողջութեամբ հրապարակուին, որովհետեւ անոնց հրապարակումը ՖԻՖԱ-ին համար վստահութիւնը պահպանելու միակ տարբերակն է: ՖԻՖԱ-ին վրայ իբրեւ ճնշումի տարբերակ կրնայ պատահիլ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն անջատուի եւ դուրս գայ ՖԻՖԱ-էն: Այս տարբերակը պէտք է լրջօրէն դիտարկուի, որովհետեւ Ռուսիոյ եւ Քաթարի թեկնածութեան յաջողութեան հետ կապուած կասկածները կը խախտեն ՖԻՖԱ-ին օրէնքները: Այսպիսի բան պատմութեան մէջ ցարդ չէ պատահած», Ռաուպալի խօսքերը կը մէջբերէ «Տը Թելեկրաֆ»:


