
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻԻ
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 22 անձեր մասնակցեցան 11-16 նոյեմբերին Լանքասթըր պանդոկին մէջ (Ռաուշէ) տեղի ունեցած ֆութսալի մարզիչի Ա. կարգի քննութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ:
Աւարտին, թէեւ այդ 22 անձերը յատուկ վկայագիրներ ստացան, սակայն Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը աւելի ուշ պիտի յայտարարէ անունները բոլոր անոնց, որոնք այդ քննութիւններուն յաջողեցան:
Ստորեւ` այդ 22 մասնակցողներուն ցանկը.
Ռապիհ Տիպ, Թարեք Ռըզք, Խալիլ Պալհաուան, Ռապիհ Ապու Շաքրա, Ռապիհ Ապու Ֆախըր, Անուար Ռիա, Շատի Շեհուան, Միշել Ժըպրայել, Մարք Սարգիս, Սեմ Գալանճեան, Էլիանա Ռահպանի, Մարիամ Իթանի, Մարուան Տալի, Մուսթաֆա Տահի, Զիատ Սաատէ, Ալի Ֆաքիհ, Մոհամետ Տաքքա, Քասեմ Քաուսան, Մուսթաֆա Քասսար, Մոհամետ Աժաթի, Ապտել Քարիմ Ղազի եւ Ռիտա Շարշահի:


