Իւրաքանչիւր երեքշաբթի, գիշերուան ժամը 23:00-ին, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Սքոր» մարզական յայտագիրէն ուղղակիօրէն կը պատկերասփռուի եւ անոր ընդմէջէն ելոյթ կ՛ունենան մարզիկներ, պատասխանատու անձեր, լրագրողներ եւ այլն:
Այսօրուան յայտագիրին առաջին բաժինին հիւրը պիտի ըլլայ փինկ փոնկի մարզիկ Ռոք Հաքիմ, որ պիտի անդրադառնայ յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք` նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի յիշատակին նուիրուած փինկ փոնկի մրցաշարքին:
Երկրորդ բաժինին հիւրերն են, «Փորշ» ակումբի նախագահ Ճօ Ֆըղալի եւ փոխնախագահ Իհապ Ղոսըն, իսկ երրորդ բաժինին հիւրը` «Ֆորմիւլա-1»-ի մրցումներու մասնագէտ Մարուան Ռասի:
Նշենք, որ յայտագիրը կը վարէ մարզական լրագրող Նեժիպ Քահի:


