
ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական հանդիպումներու նպատակով, 10-12 նոյեմբերին կրկին Վրաստան այցելեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: Թիֆլիս այցելութեան ընթացքին Հայ դատի յանձնախումբի նախագահը հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց, Վրաստանի հաշտութեան եւ քաղաքացիական իրաւահաւասարութեան հարցերով նախարարութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, ինչպէս նաեւ Վրաստանի Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Գիյա Ժորժորլիանիի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ այն հարցին, թէ գրեթէ ամբողջ ջաւախահայ բնակչութիւնը չի տիրապետեր վրացերէնին: Նշուեցաւ, որ պետական լեզուի չիմացութեան պատճառով բնակչութեան այս հատուածը պետութեան հետ յարաբերելու, օրէնքները հասկնալու եւ իր իրաւունքները պաշտպանելու դժուարութիւն ունի, եւ փաստօրէն միւսներուն նկատմամբ յայտնուած է խտրական վիճակի մէջ: Այս կացութեան յաղթահարման նպատակով Գասպար Կարապետեան առաջարկեց հայոց լեզուն շրջանին մէջ ընդունիլ իբրեւ երկրորդ վարչական լեզու` այն ժամանակամիջոցին համար, մինչեւ որ շրջանի հայութիւնը տիրապետէ վրացերէնին:
Արծարծուեցաւ նաեւ Վրաստան-Հայաստան մուտքի արտօնագիրի դրութեան վերաբերող իրավիճակը, ինչ որ մեծ դժուարութիւններ ստեղծեց այն ջաւախահայերուն համար, որոնք Ռուսիա մեկնելու նպատակով ստիպուած եղած են ընդունիլ Հայաստանի քաղաքացիութիւնը եւ այժմ դժուարութիւն ունին վերադառնալու Ջաւախք` իրենց հարազատ օճախները:
Վրացական կողմին առաջարկուեցաւ այս հարցի լուծման յստակ մեքանիզմ:
Կատարուած առաջարկին ուղղութեամբ պատկան մարմինները այնուհետեւ նախաձեռնեցին քննարկումներու:
Հարց բարձրացուեցաւ նաեւ այն մասին, որ գիւղատնտեսութեան մարզին եւ ընդհանրապէս զարգացման նպատակով, պետական պիւտճէէն եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ կատարուող յատկացումներէն համամասնօրէն բաժին հանուի նաեւ Ախալքալաքի եւ Նինոծմինտայի շրջաններուն:
Այնուհետեւ Ջաւախքի մէջ հանդիպումներ տեղի ունեցան Ախալքալաքի շրջանէն Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւորին, Ախալքալաքի տեղական խորհուրդի նախագահին, ինչպէս նաեւ շրջանային վարչութեան ղեկավարին հետ: Աւելի մանրամասնօրէն քննարկուեցան Թիֆլիսի մէջ արծարծուած հարցերը: Որոշուեցաւ միասին աշխատիլ տուեալ հարցերու լուծման ուղղութեամբ:
Վրաստանի կեդրոնական իշխանութեան պաշտօնեաներուն հետ եւս ձեռք բերուեցաւ համաձայնութիւն մօտիկ ապագային կրկին հանդիպելու եւ դրուած հարցերու լուծման ընթացքին անդրադառնալու վերաբերեալ:


