Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵԾ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ ՑՆՑԵՑ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ՕՍԼՈՆ

July 23, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Օսլոյի պայթումին պատճառած աւերը

Երէկ մեծ պայթում մը ցնցեց Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի կեդրոնը գտնուող կառավարութեան շէնքերը: Նորվեկիոյ ոստիկանութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, պայթումը խլած է առնուազն 7 քաղաքացիներու կեանքը եւ պատճառած աւելի քան 15  վիրաւոր: Պայթումին պատճառով ծանր վնասուածքներ ստացած են կառավարական եւ մօտակայ շէնքերը:

Օսլոյի պայթումէն որոշ ժամանակ մը ետք, մայրաքաղաքէն 45  վայրկեան հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ութոյա կղզիին մէջ տեղի ունեցած Աշխատաւորական կուսակցութեան երիտասարդական ճամբարին մէջ կատարուեցաւ հրացանաձգութիւն: Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, կան 10 զոհեր:

Պայթումէն անմիջապէս ետք Նորվեկիոյ ոստիկանութիւնը տեղակայուեցաւ մայրաքաղաքին կեդրոնը եւ փակեց հոն տանող բոլոր ճամբաները:

Նորվեկիոյ պատկերասփիւռի պետական կայանէն իր կատարած յայտարարութեան մէջ, Նորվեկիոյ վարչապետ Ճենս Սթոլթընպըրկ «շատ լուրջ» գնահատեց պատահածը` ըսելով. «Նոյնիսկ երբ իշխանութիւնները պատրաստուած ըլլան այսպիսի դէպքերու, միշտ ալ ողբերգական են այսպիսի պատահարները»:

Մինչ այլ ականներու գոյութեան մասին լուրեր շրջանառութեան մէջ դրուած էին, Համաշխարհային ժիհատի զօրակիցներ կազմակերպութիւնը ստանձնեց պայթումին պատասխանատուութիւնը:

Միւս կողմէ, երիտասարդական ճամբարին մէջ արձանագրուած կրակոցին մասին խօսելով, Աշխատաւորական կուսակցութեան բանբեր Փըր Կաներ Տահլ յայտնեց, որ շուրջ 700  երիտասարդներ կը մասնակցէին տարեկան ճամբարին, երբ ոստիկանի տարազով անծանօթ մը կրակ բացաւ երիտասարդներուն վրայ:

Աւելի ուշ, Նորվեկիոյ ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ ձերբակալուած անծանօթը նաեւ մեղսակից է Օսլոյի պայթումին:

Պայթումը միջազգային դատապարտումի  արժանացաւ: Մինչ Միացեալ Նահանգներ «անարգ ոճիր» նկատեցին Օսլոյի մէջ պատահածը, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմբույ յայտնեց իր ցնցուած ըլլալը` դիտել տալով, որ «այսպիսի արարքներ ոչ մէկ արդարացուցիչ պատճառ կրնան ունենալ»:

 

Նախորդը

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ՉԻՆԱՍՏԱՆ. 41 ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ԶՈՀ` ՀԱՆՐԱԿԱՌՔԻ ՄԸ ՄԷՋ ԲՌՆԿԱԾ ՀՐԴԵՀԻՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.