Քամերունի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող նախկին ֆութպոլիստ Վալերի Մեզաք, որ վերջին շրջանին մաս կը կազմէր Թուլոնի Սփորթինկին, շաբաթ, 15 նոյեմբերին մահացած գտնուեցաւ իր բնակարանին մէջ:
Թուլոնի ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ցարդ որեւէ կասկածելի բան չի տեսներ անոր մահուան կապակցաբար` սպասելով երկուշաբթի, 17 նոյեմբերին կատարուելիք դիազննութեան արդիւնքին:
7 անգամ Քամերունի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած Մեզաք նախապէս մաս կազմած է նաեւ Մոնփելիէի, Սոշոյի եւ Փորթցմաութի:


