Արցախի մէջ կործանուած ուղղաթիռի անձնակազմին հետ կապուած` տակաւին նորութիւններ չկան, իրավիճակը կը մնայ նոյնը: Այս մասին «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ բանբեր Սենոր Հասրաթեան:
Յիշեցնենք, որ ռազմափորձերու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ կործանուած ուղղաթիռը կը գտնուի սահմանի չէզոք գօտիի հատուածին մէջ: Հայկական կողմը իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի վերադարձնէ զոհուածներուն դիակները: Այդ կապակցութեամբ արդէն դիմուած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին:


