Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Խորհրդարանը Մէկ Վայրկեան Լռութեամբ Յարգեց Զոհուած Զինուորներուն Յիշատակը

November 15, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1114_AJԱզգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան  նախանցեալ օր խորհրդարանի ամպիոնէն մէկ առ մէկ արտասանեց ղարաբաղեան – ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ հայկական ուղղաթիռի կործանման դէպքին ընթացքին զոհուածներուն անունները. «Յարգելի՛ պատգամաւորներ, վարժական թռիչքի մը ընթացքին իրենց զինուորական պարտքը կատարելու ընթացքին զոհուած են Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի երեք զինուորներ` հրամանատար Սերկէյ Սահակեան, հարիւրապետ Սարգիս Նազարեան եւ փոխհարիւրապետ Ազատ Սահակեան: Վայրկեան մը լռութեամբ յարգենք զոհուած զինուորներուն յիշատակը»:

Ազգային ժողովի նախագահը ընդգծած է, որ տեղի ունեցածը պաշտօնական Պաքուի հերթական սադրիչ գործողութիւնն է, որ ուղղուած է շրջանի փխրուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան դէմ: Գալուստ Սահակեան կոչ ուղղած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն դատապարտելու տեղի ունեցածը եւ յաւելեալ հասցէական ներգործութիւն ունենալու Ազրպէյճանի վրայ:

«Ասիկա բանակցային խաղաղ հոլովոյթը տապալելու նոր քայլ մըն է, որուն միջոցով կ՛ոտնակոխուին  խաղաղ լուծման վստահութեան ամրապնդման եւ  զինադադարի պահպանման շուրջ բոլոր պայմանաւորուածութիւնները: Իրավիճակի լարման եւ ապակայունացման փորձերու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրեն Պաքուի իշխանութիւնները, ուրեմն անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղեմ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն դատապարտելու եւ յաւելեալ յստակ, հասցէական ներգործութիւն ունենալու  Ազրպէյճանի վրայ` խաղաղ լուծման հոլովոյթը ձախողեցնելու փորձերը կանխելու համար», ըսած է Սահակեան:

Վարչապետը Խօսած Է «Համապատասխան
Եզրակացութեան» Եւ «Քայլերու» Մասին

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան «ոճրագործութիւն» անուանած է ազրպէյճանական այս արարքը: «Ուղղաթիռը հարուածելը ես կը նկատեմ ոճրագործութիւն, եւ կը դատապարտեմ»,  ըսած է նախանցեալ օր Երեւանի պետական համալսարան այցելած վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան` պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին: «Մենք միշտ բարձր մակարդակով հանդիպումներէն առաջ կամ ետք այդպիսի ոչ մէկ գրգռութիւն կ՛ընենք: Ասիկա անոնց հերթականն էր, եւ կը խանգարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահներու   ձեւաչափով ընթացող բանակցութիւնները»:

Միջազգային հանրութիւնը, կառոյցները եւս պէտք է դատապարտեն եւ յայտնեն իրենց դիրքորոշումը այդ կապակցութեամբ, ըսած է  Յովիկ Աբրահամեան:

«Մենք կողմ ենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափով խաղաղ բանակցութիւնները շարունակելու, բայց նաեւ  պէտք չէ հանդուրժենք նման քայլերը: Իմ կարծիքովս, ասիկա նաեւ համանախագահներուն խնդիրն է, նաեւ միջազգային կառոյցներու, նաեւ ամբողջ աշխարհի հանրութեան, եւ պէտք է քննադատել եւ դատապարտել Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն  այսպիսի կեցուածքը»,  աւելցուցած է Աբրահամեան:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, թէ տեղի ունեցածին մէջ արդեօք չի՞ տեսներ օգոստոսեան իրադարձութիւններուն կրկնութիւնը, վարչապետը պատասխանած է. «Ես չեմ ցանկար տեսնել, կանխատեսել նման բեմագրութիւն, որովհետեւ  ընդհանրապէս ոչ ոքի ձեռնտու է, բայց մենք նաեւ  պէտք է համապատասխան եզրակացութիւն եւ  քայլեր իրականացնենք: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կը գտնուի Արցախի մէջ, եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները իրենց դիրքորոշումն ու վերաբերմունքը անպայման կը յայտնեն»:

Նախորդը

Արսալի Մէջ Բանակը Ականահարումի Թիրախ Կը Դառնայ

Յաջորդը

«Ազրպէյճանի Քայլերը Պէտք Է Համարժէք Արձագանգի Արժանանան» Կ՛ըսէ Եղիսաբէթ Չուլճեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.