
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ յայտնեց, որ թրքական զինեալ ուժերը ո՛չ Իրաք, ո՛չ ալ Սուրիա մուտք պիտի գործեն այնքան ատեն որ թուրք ժողովուրդին շահն ու օգուտը այդ մէկը չեն պահանջեր` նշելով, որ այդ երկու հարցերը իրենց համար մղիչ ուժերն են, եւ երբ բան մը անհրաժեշտ դարձնեն, իրենք պէտք է այդ ուղղութեամբ շարժին:
Եըլմազ խորհրդարանին մէջ 2015-ի պիւտճէի քննարկման ընթացքին շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, որ որեւէ սահման չի ճանչնար եւ կրնայ որեւէ երկրի սահմանը կտրել, ինչպէս կատարեց Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ: «Որովհետեւ ՏԱՀԵՇ կազմակերպութիւնը մեզմէ կը վախնայ, չի կրնար հոս գալ», ըսաւ ան:
«Հաւատացէ՛ք, Ղարաբաղեան Տագնապի Տարածքին Մէջ
Չես Կրնար Ըսել, Թէ Վաղը Ի՛նչ Տեղի Պիտի Ունենայ»
Ըսած Է Եըլմազ
«Հապեր Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ երկրի 2015-ի պիւտճէի քննարկման ընթացքին անդրադարձած է Ազրպէյճանի կողմէ ղարաբաղեան օդուժի ուղղաթիռի վար առնուելուն փաստին:
Ան յիշեցուցած է, որ միջադէպէն ետք հայ պաշտօնատարները հակադարձելու խոստում տուած են: «Հաւատացէ՛ք, աշխարհագրական այդ տարածքին մէջ չես կրնար ըսել, թէ վաղը ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ», ըսած է Եըլմազ:
Ան նշած է, որ ղարաբաղեան տագնապին լուծումով զբաղող երկիրները պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն ատոր:


