Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Պեքաայի մէջ, յատկապէս Զահլէի շրջակայքը կատարեց հետապնդումներ եւ ձերբակալեց կարգ մը կասկածելիներ:
Միւս կողմէ, բանակը Պեքաայի մէջ որդեգրեց ապահովական արտակարգ միջոցառումներ: Այդ միջոցառումներուն շրջագիծին մէջ Զահլէի մէջ բանակի գաղտնի սպասարկութեան անդամներու եւ ինքնաշարժի մը մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ:
Աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ այդ ինքնաշարժին մէջ կը գտնուէր Պար Էլիաս-Տէյր Զնուն ճամբուն վրայ առեւանգուած քաղաքացի մը, որ ազատ արձակուեցաւ բանակին կողմէ:
Նշենք, որ գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ օր բանակը Պհանինի կամուրջին վրայ ձերբակալած է Այման Ապտել Համիտ Մհայշը, որ ահաբեկչական խմբաւորումի մը ղեկավարն է եւ բանակին դէմ հրթիռներ արձակած յանցագործ մը:
Հիւսիսային Լիբանանի մէջ գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց նաեւ Ուսամա Եհիա Պախաշը, որ բանակին դէմ թակարդներ լարած է եւ սպաննած բանակի երկու սպաներ:
Պախաշ իր կարգին մաս կը կազմէ ահաբեկչական խմբաւորումի մը:


